«Մշակած ենք զօրակոչի օրէնք» Քընէսէթի մէջ վստաութեան քուէ պահանջող Իսրայէլի կառավարութիւնը կը համարուի ամենաուժեղը վերջին տարիներուն
«Ապագայ կայ» կուսակցութեան ղեկավար՝ Եայիր Լաբիտ կազմած է Իսրայէլի նոր կառավարութիւնը ու ներկայացուցած է կազմը Քընէսէթին քուէարկութեան համար: Այս մասին «Արեւելք» վերահասու կը դառնայ «Ալ Մայատին»-էն:
Աղբիւրը նշած է, թէ Լաբիտ ներկայացուցած է Քընէսէթին իր կուսակցութեան ու դաշնային կառավարութեան մաս կազմող մնացեալ կուսակցութիւններու միջեւ ստորագրուած բոլոր պայմանագիրները:
Իր հերթին «Եամինա» կուսակցութեան ղեկավար՝ Նէֆթալի Պէնէթ յայտարարած է, թէ «այս կառավարութիւնը վերջ կը դնէ երկու տարիէն աւելի տեւած քաղաքական տագնապին»:
Միւս կողմէ, Իսրայէլի Անվտանգութեան նախկին նաեւ նոր կառավարութեան համար առաջադրուած նախարար՝ Պենի Կանց յայտարարած է, թէ նոր կառավարութեան ընդունելիք օրէնքներէն մէկը պիտի ըլլայ «զօրակոչի օրէնքը»: Նախարարի խօսքով՝ օրէնքը կը պարտադրէ, որ իւրաքանչիւրը՝ ըլլայ հրեայ աշխարհական կամ հոգեւոր, կամ արաբ..., Իսրայէլի համար ռազմական կամ քաղաքացիական ներդրում ունենայ:
Ի դէպ, այսօր , Իսրայէլի Քընէսէթը պիտի քուէարկէ եւ վճռէ նոր կազմուած կառավարութեան հարցը։
Իսրայէլի նորակազմ կառավարութիւնը պիտի ըլլայ 36-րդը, որ 8 կուսակցութիւններու դաշինք է, եւ որուն վարչապետութիւնը հերթաբար պիտի ստանձնեն Նէֆթալի Պէնէթն ու Եայիր Լաբիտը:
Եթէ խորհրդարանը կողմ քուէարկեց, ուրեմն աջակողմեան, ձախակողմեան եւ միջին կուսակցութիւնները պիտի կրնան Նաթանիահուն դուրս հանել քաղաքական բեմահարթակէն 12 տարի վարչապետի պաշտօնը վարած ըլլալէ ետք:
Աղբիւրը նշած է նաեւ, թէ պիտի ընտրուի Քընէսէթի նոր նախագահ, եւ հաւանական է, որ առաջարկուի «Ապագայ կայ» կուսակցութենէն՝ Միքի Լիվին:
Ըստ իսրայէլեան լրատուամիջոցներուն, նոր կառավարութիւնը պիտի բաղկանայ 28 նախարարներէ եւ 6 փոխ նախարարներէ, եւ պիտի համարուի ամէնէն ուժեղ կազմը, որ երբեւիցէ ունեցած է Իսրայէլը։
Ինչ կը վերաբերի նախարարական պաշտօններուն, ըստ կուսակցութիւններու պայմանաւորուածութիւններուն, Լաբիտ պիտի ստանձնէ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը առաջին երկու տարիներու ընթացքին, Կանց՝ Անվտանգութեան նախարարութիւնը, «Իսրայէլը մեր տունն է» կուսակցութեան ղեկավար՝ Ավիկտոր Լիպըրման՝ Ելեւմուտքի նախարարութիւնը, իսկ «Նոր Յոյս» կուսակցութեան ղեկավար՝ Ժատուուն Սահէր արդարադատութեան նախարարութիւնը: