image

Հ.Յ.Դ.ն Փաշինեանի կողքին (Յայտարարութիւն)

Հ.Յ.Դ.ն  Փաշինեանի  կողքին (Յայտարարութիւն)

Վերահաստատելով ժողովրդային շարժման որպէս արդիւնք ստեղծուած իրավիճակի հանգուցալուծման մեր մօտեցումները՝ սահմանադրականութեան եւ օրէնքներու շրջանակներու մէջ կարգաւորում գտնելու նպատակով, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կ'առաջարկէ.

1 մայիսին կայանալիք ԱԺ նիստին ընդառաջ խորհրդարանական բոլոր խմբակցութիւններու մասնակցութեամբ, համախոհաբար ձեւաւորել միասնական քաղաքական օրակարգ, համաձայնիլ ժողովուրդի վստահութիւնը վայելող միասնական թեկնածուի շուրջ, ով պէտք է համախոհութեան հիման վրայ ներկայացնէ կառավարութեան համապատասխան կազմ եւ գործունէութեան ծրագիր:

 

Սոյն նախաձեռնութիւնը կեանքի կոչելու համար ՀՅԴ-ը պատրաստակամ է առարկայական քննարկումներ սկսիլ բոլոր շահագրգիռ կողմերու հետ: