image

Հրանդ Տինքի Սպաննութեան գործը կը շարունակուի

Հրանդ Տինքի Սպաննութեան գործը  կը շարունակուի

Պոլսոյ «Ակօս» պարբերականի հիմնադիր՝ սպաննուած Հրանդ Տինքի դատական գործը կը շարունակուի: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւնը կը ստանայ Պոլսէն: Կը հաղորդուի, որ դատավարութիւն կ'ընթանայ պետական այն ծառայողներուն հանդէպ, որոնք կը մեղադրուին Հրանդ Տինքի ոճրագործութեան մէջ իրենց ունեցած թերացումին պատճառով։ Ի շարս այլոց, կը դատուին Ապահովութեան լրաքաղութեան վարչութեան պետ Էնկին Տինչ, Իսթանպուլի ապահովութեան նախկին տնօրէն Ճելալետտին Ճերրահ, Ապահովութեան լրաքաղութեան վարչութեան նախկին ղեկավարներ Ռամազան Աքեիւրեք, Սապրի Ուզուն, Ահմետ Իլհան Կիւլէր, Տրապիզոնի Ապահովութեան նախկին տնօրէն Ռեշատ Ալթայ։ Դատավարութեան երրորդ նիստը պիտի կայանայ Յունիսի 20-ին, Սթանպուլի քրէական ատեանին մօտ:

Տինքի ոճրագործութեան միացեալ դատին երրորդ նիստը կայացած էր 24,25,26 Մայիս թուականներուն։ Առաջին երկու օրերուն ընթերցուած էր պետական պաշտօնեաներուն վերաբերեալ ամբաստանագիրը, ինչպէս նաեւ քաղաքային նախկին քննիչ եւ Օրտուի այժմու փոխ-կուսակալ Մեհմէտ Ալի Էօզքըլըչի վերաբերեալ ամբաստանագիրը, որ ընդունուած էր, ինչպէս նաեւ կցուած այս դատավարութեան։ Իսկ երրորդ օրուան ընթացքին Տրապիզոնի այդ ժամանակուան ապահովութեան տնօրէն Ռէշատ Ալթայ կատարած էր իր պաշտպանողականը։

Ան պնդած էր թէ 2006-ին, երբ պաշտօնի կոչուած էր Տրապիզոնի մէջ, ոչ մէկ մարմին զինք տեղեակ պահած էր Տինքի ոճրագործութեան ծրագրին վերաբերեալ։ Լրաքաղութեան օժանդակ պաշտօնեայ Էրհան Թունճէլի պաշտօնազրկման վերաբերեալ Այթայ նշեց, թէ իրեն ոչ ոք ըսած է, որ Էրհան Թունճէլ տեղեկութիւն հաղորդած էր այն խմբակի մասին, որ կը պատրաստուէր ահաբեկելու Հրանդ Տինքը։

Կ՚ակնկալուի որ երկուշաբթի սկսելիք նիստին իր պաշտպանողականը ներկայացնէ ամբաստանեալ Մուհիտտին Զէնիթ, որ Տրապիզոնի ապահովութեան տնօրէնութեան մօտ որպէս ոստիկան կը պաշտօնավարէր եւ ազատ արձակուած էր երկրորդ նիստի ընթացքին։ Ապա իր պաշտպանողականը պիտի ներկայացնէր նաեւ Տրապիզոնի լրաքաղութեան վարչութեան այդ ժամանակուայ պետ Էրճան Տէմիր, որ կը դատուի որպէս ձերբակալեալ։