Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը յայտնած է, թէ Արցախեան կողմը կը մասնակցի հրադադար յայտարարելու մասին քննարկումներուն միայն դիրքերու նախնական վիճակին վերադարձէն ետք: Նախարարութիւնը նաեւ անդրադարձած է ընդհանուր իրադրութեան նկատել տալով, որ ազրպէյճանեան կողմը իր կատարած սադրալից գործողութեանց ընթացքին օգտագործած է ծանր տեսակը հրանետներ եւ արկեր, ինչպիսին են Կրատն ու 152 միլիմեթրանոց հրթիռներ: Նշենք, որ հակառակորդը անցնող ժամերուն գնդակոծած է Մարտակերտ անզէն քաղաքայիններու բնակավայրերը: Նախարարութիւնը յայտնած է նաեւ, որ Ազրպէյճանի կողմէ հրապարակ հանուած եւ հրադադար կայացնելու մասին եղած յայտարարութիւնը հիմնովին կեղծ է: