image

Հրադադարի Մասին Քննարկումը Միայն Դիրքերու Նախնական Վիճակին Վերադարձէն Ետք. ԼՂՀ ՊՆ

Հրադադարի Մասին Քննարկումը Միայն   Դիրքերու Նախնական  Վիճակին Վերադարձէն Ետք. ԼՂՀ ՊՆ

Լեռնային Ղարաբաղի  Հանրապետութեան   Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը  յայտնած է, թէ Արցախեան կողմը կը մասնակցի հրադադար յայտարարելու մասին    քննարկումներուն  միայն     դիրքերու նախնական վիճակին  վերադարձէն ետք: Նախարարութիւնը   նաեւ   անդրադարձած է ընդհանուր իրադրութեան  նկատել տալով, որ ազրպէյճանեան կողմը  իր  կատարած    սադրալից  գործողութեանց ընթացքին  օգտագործած է  ծանր տեսակը հրանետներ եւ արկեր, ինչպիսին են Կրատն ու 152      միլիմեթրանոց հրթիռներ:  Նշենք,  որ     հակառակորդը անցնող   ժամերուն   գնդակոծած է Մարտակերտ   անզէն  քաղաքայիններու  բնակավայրերը: Նախարարութիւնը յայտնած է  նաեւ, որ Ազրպէյճանի կողմէ  հրապարակ հանուած    եւ հրադադար  կայացնելու մասին    եղած յայտարարութիւնը հիմնովին  կեղծ է: