Հնչակեան գործիչներու պատուիրակութիւն մը օրերս Մոսկուա այցելութիւն տուած է: Այս մասին տեղեկութիւնը փոխանցեց ՍԴՀԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան մօտիկ կանգնած աղբիւր մը:
Մեր տիրապետած տուեալներուն համաձայն պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցած է Մոսկուայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ եւ հանդիպբւմներուն ընթացքին քննարկուած են համայնքի ընդհանուր իրավիճակն ու փոխ գործակցութեան հեռանկարները:
Նշենք, որ պատուիրակութեան մաս կազմած են ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ Նարեկ Գալստեան (Հայաստան) Ալեքսան Քէօշկէրեան (Լիբանան) եւ ՍԴՀԿ Հայաստանի մարմնի անդամներէն ՝ Արմէն Մկրտչեան: