image

Սպանութիւն Երեւանի մէջ.Կինո Մոսկուայի դիմաց յայտնաբերուած է տղամարդու դի

Սպանութիւն Երեւանի մէջ.Կինո Մոսկուայի դիմաց յայտնաբերուած է տղամարդու դի

Քիչ առաջ սպանութիւն տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ։

Աբովեան փողոցի՝ «Կինո Մոսկուա»-ի դիմաց յայտնաբերուած է տղամարդու դի:

Դէպքի վերաբերեալ Ժամը 10։50-ի մօտ ահազանգ ստացած է ոստիկանութեան Երեւան քաղաքի վարչութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ Shamshyan․com-ը:

Նախնական տեղեկութիւններով՝ տղամարդը մահացած է կրակոցներու հետեւանքով։ Ոստիկանութիւնն ու քննչական բաժինը կը պարզեն մահացածի ինքնութիւնը։ Փաստի առթիւ յարուցուած է քրէական գործ։
Դէպքի վայրին մէջ յայտնաբերուած է սպանուածին պատկանող ռուսական համարանիշներով Toyota Land Cruiser մակնիշի մեքնան, անոր կողքին ալ՝ մէկ այլ՝ ռուսական համարանիշներով Toyota Land Cruiser մակնիշի մեքենայ։