22 Փետրուարին Երեւանի մէջ կայացած է «Հայ-եգիպտական գործարար միութիւն» հասարակական կազմակերպութեան անդրանիկ հանդիպումը, որուն ներկայ եղած են Հայաստանի մէջ Եգիպտոսի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Թարէք Իպրահիմ Մուհամմատ Մաաթին եւ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Ռոպերթ Յարութիւնեան:
Հանդիպման ընթացքին ընտրուած է վարչութիւն` հետեւեալ կազմով` նախագահ Էտուարտ Մանուկեան, փոխնախագահ Ռաֆֆի Սեմերճեան, անդամներ` Վահան Դանիէլեան, Արամ Յովսէփեան, Ռաֆֆի Հելինեան, Արմէն Ներսէսեան, եգիպտական Air Cairo օդանաւային ընկերութեան հայաստանեան պաշտօնական ներկայացուցիչ, ԱՆՌԻՎԱ-ԹՈՒՐ զբօսաշրջութեան զարգացման գիծով տնօրէն Ալեքսան Զաքեան: Հայ-եգիպտական գործարար միութիւնը, որուն կ’անդամակցին շուրջ 35 հայ գործարարներ, նպատակ ունի զարգացնելու տնտեսական, գործարար կապերը Հայաստանի եւ Եգիպտոսի միջեւ, խթանելու զբօսաշրջութեան զարգացումը:
Նորաստեղծ միութեան նախագահ Եգիպտահայ ազգային գործիչ էտուարտ Մանուկեան, այս մասին խօսելով ըսած է « 2017 թուականի սեպտեմբերին Երեւանի մէջ կայացած տնտեսական, գիտական եւ թէքնիք համագործակցութեան հարցերով հայ-եգիպտական միջկառավարական համատեղ յանձնաժողովի 5-րդ նիստի ընթացքին, որուն կը մասնակցէր Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան ներդրումներու եւ միջազգային համագործակցութեան նախարար Սահար Նասրին, որոշուեցաւ եւ ինծի յանձնարարուեցաւ ստեղծել գործարար միութիւն` երկու երկիրներու ներդրումներու ոլորտին մէջ համագործակցութիւն իրականացնելու համար: Մէկ ամիս առաջ հիմնադրեցինք «Հայ-եգիպտական գործարար միութիւն» հասարակական կազմակերպութիւնը, որուն անդրանիկ նիստը կայացած է 22 փետրուարին
«Արեւելք»ի տեղեկութիւններով յառաջիկայ մարտին Գահիրէի մէջ կը կայանայ եգիպտական կողմի անդրանիկ հաւաքը, որմէ ետք ապրիլ կամ մայիս ամիսներուն Եգիպտոսի կամ Հայաստանի մէջ կը գումարուի միութեան երկկողմ ժողովը, որուն ներկայ պիտի գտնուին երկու երկիրներու պատասխանատու գերատեսչութիւններու ղեկավարները:
