image
Հրատապ լուրեր:

Հերքում. Սուրիոյ կառավարութիւնը մտադիր չէ իւրացնել փախստականներու բնակարանները

Հերքում. Սուրիոյ   կառավարութիւնը  մտադիր չէ   իւրացնել   փախստականներու     բնակարանները

Սուրիոյ  կառավարութիւնը մտադիր  չէ ձեռք դնել կամ  իւրացնել փախստականներու        բնակարնները:  Այս  մասին  տեղեկութիւնը  կը փոխանցէ   ռուսական «Սփութնիք»    ծառայութիւնը  նշելով նաեւ, որ թեմային մասին      կայանը   տեղեկութիւններ ստացած է Սուրիոյ խորհրդարանիը անդամ  Խալէտ Ապուտէն:

 Ապուտ նաեւ   հաւաստած է, որ  Գերմանական մէկէ   աւելի պարբերականներու կողմէ      Սուրիոյ կառավարութեան    կատարելիք  գործողութիւններուն մասին  տրուած   տեղեկութիւնները անհիմն են եւ չեն  համապատասխաներ  իրականութեան:

 

 Նշենք, որ Սուրիոյ  նախագահ Պաշշար Ասատ  այս      ապրիլ  ամսուան  ընթացքին     օրինագիծ մը ստորագրած էր, որ կապ ունի Սուրիոյ մէջ    կալուածներու եւ բնակարաններու հարցերը  կարգաւորելուն    հետ, իսկ գերմանական մէկէ  աւելի աղբիւրներ այդ  օրինագիծը   մեկնաբանելու փորձ  ընելով  հաղորդած  էին, որ    Սուրիոյ կառավարութիւնը մտադիր է  «իւրացնել» երկրէն   բացակայող  եւ  փախստական դարձած   սուրիացիներուն    ունեցուածքն ու բնակարնները: