Պէյրութի հայահոծ Պուրճ Համուտ շրջանի քաղաքապետութիւնը հերքում մը հրատարակած է՝ կապուած այն տեղեկութիւններուն, որ շրջանին մէջ գրանցուած է «Քորոնա» վարակով հիւանդ առաջին պարագայ մը։ Քաղաքապետարանը պատասխանած է շրջան ընող այն լուրերուն, ըստ որոնց քաղաքապետարանի պաշտօնեաներէն մին (անունը՝ Ֆատի Նահման) «Քորոնա»ի վարակակիր դարձած է։
Քաղաքապետութիւնը նաեւ նշած է, որ այդ անունով պաշտօնեան առողջ է եւ սովորականին պէս կը կատարէ իր պարտականութիւնները։
Յիշեցնենք, որ Լիբանանի մէջ «Քորոնա»ի վարակի խնդրով մեծ մտավախութիւններ սկսած են շրջան ընել. մէկ կողմէ վարակակիրներու ընդհանուր թիւը աճ գրանցած է եւ անցած է 40-ը, եւ նոյն վարակին պատճառով մահացած է հիւանդանոցի մէջ գտնուող Ժան Խուրի անունով քաղաքացին։