Ամերիկայի Փենսիլվանիա նահանգի դատարանը յայտարարութիւն մը հրապարակած է, ուր կը պարզաբանէ, թէ կաթողիկէ եկեղեցւոյ աւելի քան 300 կղերականներ կը մեղադրուին սեռական բռնութիւններ կատարելու մէջ:
«BBC» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, անցնող 70 տարիներու ընթացքին, նահանգի վեց թեմերու կրօնական հայրեր հազարէ աւելի երեխաներու սեռական բռնութեան ենթարկած են:
18 ամիս տեւած նախաքննութեան ընթացքին ձեռք բերուած տուեալներուն համաձայն, բռնութեան դէպքերը տարիներ շարունակ քօղարկուած են եկեղեցւոյ կողմէ:
Նշուած է նաեւ, որ ամենայն հաւանականութեամբ բռնութեան ենթարկուած երեխաներու թիւը շատ աւելի մեծ է, քան բացայայտուած անունները, սակայն անոնցմէ շատեր սարսափած են իրենց հետ տեղի ունեցածին մասին բարձրաձայնելու, հետեւաբար այդ անուններու բացայայտման հետ միասին կրնան այլ կղերականներ նոյնպէս ներգրաւուիլ մեղադրեալներու շարքին մէջ: