Գալիֆորնիոյ բնակիչ 19 տարեկան Հարրի Նալպանտեանը կասկած յայտնած է, որ անոր ուղղութեամբ կրակած են հայկական դրօշի պատճառով: Միջադէպը տեղի ունեցած է 24 ապրիլին` Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օրը:
Նալպանտեան ինքնաշարժի վրայ դրած էր Հայաստանի դրօշը: Երեկոյեան ժամը 10:30-ի սահմաններուն ան Գալիֆորնիոյ արագընթաց մայրուղիով մը տուն կը վերադառնար, կողքին նստած էր քոյրը: ABC-ին ան պատմած է, որ ինքնաշարժ մը հաւասարած է իրենց, կողային ապակին բաց եղած է, ինքը նոյնպէս թեթեւակի իջեցուցած է ապակին, նայած են իրար ու յանկարծ, առանց որեւէ պատճառի, միւս ինքնաշարժը սկսած է կրակել: «Ան ութ անգամ կրակեց»,- ըսած է Հարրի Նալպանտեանը:
Կրակոցներէն Հարրի Նալանտեանը ուսէն եւ ձեռքէն թեթեւակի վիրաւորուած է, քերծվածքներ ստացած է, իսկ քոյրը չէ վնասուած: Ան հրաշք կը համարէ, որ կրակոցներու տակ իրենք ողջ մնացած են կամ լուրջ վնասուածքներ չեն ստացած:
Անոնք ոստիկանութեան յայտնած են, որ իրենց վրայ կրակած են արծաթագոյն «Հոնտա» մակնիշի ճիփէն: Ոստիկանութիւնը հետաքննութեան ենթարկած է միջադէպը:
Լուրը ՝«Ազատութիւն» ռատիօկայանէն