ԽՍՀՄ ժողովրդական արուեստագէտ Արմէն Ճիկարխանեանը 26 ապրիլին շտապ տեղափոխուած է Մոսկուայի հիւանդանոցներէն մէկը եւ վիճակը ծանր է, հաղորդած է ՏԱՍՍ-ը
«Արմէն Բորիսովիչը սրտային անհանգստութիւնով շտապ տեղափոխուած է մայրաքաղաքային հիւանդանոցներէն մէկը: Ան կը գտնուի կոմայի մէջ ու միացուած է թոքերու արհեստական սարքին»,- յայտնած է գործակալութեան աղբիւրը՝ չճշդելով, թէ որ բժշկական հաստատութիւն տեղափոխուած է դերասանը: