image

«Կեանքի մէջ երջանկութիւն չկայ» Փութին մեկնաբանած է ԱՄՆ-ի հետ յարաբերութիւններու ընդհանուր վիճակը

«Կեանքի մէջ երջանկութիւն չկայ» Փութին մեկնաբանած է ԱՄՆ-ի հետ յարաբերութիւններու ընդհանուր վիճակը

 

Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը, խօսելով Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններու հեռանկարներու մասին, մէջբերած է դասական գրող Լեւ Թոլսթոյի յայտնի արտայայտութիւններէն մէկը` նշելով, որ «նման իրավիճակի մէջ ընտանեկան վստահութիւն չի կրնար գոյանալ, սակայն այդ վստահութեան նշոյլները առկայծած են», գրած է vz.ru-ն:
«Գիտէք` Լեւ Թոլսթոյը առիթով մը ըսած է.«Կեանքի մէջ երջանկութիւն չկայ, կան միայն անոր առկայծումները: Գնահատեցէք ատոնք»: Եւ հիմա ես ալ կը կարծեմ, որ նման իրավիճակի մէջ  «ընտանեկան վստահութիւն» չի կրնար ըլլալ, բայց ատոր նշոյլները, իմ կարծիքով, առկայծած են»,-ԱՄՆ նախագահ ճօ Պայտընի հետ գագաթնաժողովէն ետք յայտարարած է ՌԴ ղեկավարը:

Յիշեցնենք, որ 16 Յունիսին Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահներու հանդիպումը տեւած էր 4,5 ժամ, որմէ ետք ղեկավարները համատեղ յայտարարութիւն տարածած էին:

«Ռուսաստանը եւ Միացեալ Նահանգները ցոյց տուած են, որ նոյնիսկ լարուածութեան պայմաններուն մէջ անոնք ի վիճակի են առաջընթացի հասնելու համատեղ նպատակներու իրականացման հարցով` ռազմավարական ոլորտի մէջ կանխատեսելիութիւն ապահովելու, զինուած բախումներու վտանգները եւ միջուկային պատերազմի սպառնալիքները նուազեցնելու համար: Այսօր մենք կը վերահաստատենք մեր հաւատարմութիւնը այն սկզբունքին, որ միջուկային պատերազմին մէջ չեն կրնար ըլլալ յաղթողներ, եւ այն երբեք պէտք չէ սանձազերծուի», -ըսուած է համատեղ յայտարարութեան մէջ: