Հայաստանի Հանրապետութիւնը 2016-ին ներառուած է ՄԱԿ-ի պատուոյ ցանկին մէջ, կազմակերպութեան կանոնաւոր պիւտճէին ժամանակին ու ամբողջութեամբ կատարուած անդամավճարներուն համար: Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարարութեան մամլոյ վարչութեան փոխանցումով, 2016-ի Յունուարին պիւտճէին փոխանցուած է 150.039.00 ամերիկեան տոլար, որպէս ՄԱԿ-ին Հայաստանի անդամակցութեան գծով 2016-ի տարեկան անդամավճար: Պատուոյ ցանկին մէջ ընդգրկուած են այն անդամ երկիրները, որոնք ընթացիկ տարուան առաջին երեսուն աշխատանքային օրուայ ընթացքին ամբողջութեամբ վճարած են ՄԱԿ-ի կանոնաւոր պիւտճէին անդամակցութեան գծով ելմտական պարտաւորութիւնները:
Այս տարի պատուոյ ցանկին մէջ ներառուած է ՄԱԿի անդամ 193 երկիրներէն միայն 27ը: