Ռուսաստանը յատուկ ուշադրութիւն կ'ընծայէ Հայաստանի եւ յետխորհրդային այլ երկիրներու մէջ տեղի ունեցող քաղաքական իրադարձութիւններուն: Այսպէս պատասխանած է «ԱԻՖ»ին հետ հարցազրոյցի ժամանակ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար՝ Սէրկէյ Լաւրով այն հարցին, թէ արդեօ՞ք ան կը կարծէ, թէ Ռուսաստանը աշխարհաքաղաքական տեսանկիւնէ, պարտուած է Ուքրանիոյ, Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ, թոյլ տալով որ ստեղծուի նախկին «եղբայրական ժողովուրդներէ» «Ռուսաստանի թշնամիներ»ու գօտի:
Լաւրով նշած է որ «ԽՍՀՄի փլուզումէն ետք, Արեւմուտքը սկսած է միջամտել նախկին խորհրդային հանրապետութիւններու ներքին գործերուն, ինչպիսին Ուքրանիոյ եւ Վրաստանի, սակայն Հայաստանի պարագային իրավիճակը տաբեր է: Այս երկիրը Ռուսաստանի առանցքային գործընկերն է Անդրկովկասի մէջ: Հայաստանի հետ ռազմավարական, դաշնակցային յարաբերութիւններ հաստատուած են: Աշխոյժ են քաղաքական երկխօսութիւնները, խորհրդարաններու միջեւ միջազգային գետնի վրայ համագործակցութիւնը: Ռուսաստանը Հայաստանի առաջին տնտեսական գործընկերն է:
Ուժգնօրէն կը զարգանան կրթական, մշակութային, ներդրումային, ռազմաթեխնիքական կապերը:
Ուքրանիոյ, Վրաստանի եւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող քաղաքական իրադարձութիւնները, անշուշտ միւնոյնը չեն մեզի համար, քանի որ խօսքը եղբայր ժողովուրդներու մասին է, որոնց հետ կապուած ենք փոխ յարաբերութիւններու երկարատեւ պատմութեամբ, ներառեալ մէկ պետութեան մէջ բնակիլնիս:
Դժբախտաբար, ԽՍՀՄի փլուզումէն ետք, Արեւմուտքը կը հաւաստիացնէր, որ հասած է «պատմութեան վերջը», եւ այժմ ան կրնայ ուղղակիօրէն միջամտել այս կամ այն պետութիւններու գործերուն եւ անամօթաբար կառավարել ներքին քաղաքականութիւնը: Ուքրանիան, կարծես ամենաակնյայտ օրինակն է:
Իսկ ինչ կը վերաբերի Վրաստանին, ես համոզուած եմ, որ իր ժողովուրդը ռուսերուն թշնամի չի նկատեր: Այսօր կը տեսնենք, թէ ինչպէս այդ երկրի որոշ քաղաքական գործիչներ կը մրցակցին հակառուսական հռետորութամբ, իրենց նեղ շահադիտական նպատակներուն հասնելու համար:
Համոզուած եմ, որ ժամանակի ընթացքին, ամէն ինչ իր տեղը կը գտնէ եւ մեր երկիրներու յարաբերութիւնները կը վերականգնուին:
Ընդհանուր առմամբ, յետխորհրդային տարածքի մեր օրակարգը, միաւորող բնոյթ ունի, որ ուղղուած է այդ երկրներու ընկերա-տնտեսական զարգացման խթանման, իրականցուող ընդելուզման գործընթացներու յառաջխաղացման եւ ներդաշնակեցման, անվտանգութեան եւ սպառնալիքներու ու մարտահրաւէրներու համատեղ արձագանգելու ներուժի ամրապնդման»,- եզրակացուցած է նախարարը: