image

Հայաստանի Վարչապետի շնորհաւորական ուղերձը՝ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին

Հայաստանի Վարչապետի շնորհաւորական ուղերձը՝ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը շնորհաւորական ուղերձ յղած է Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան նախագահ Պաշշար Ասատին Ազգային տօնի կապակցութեամբ:

Վարչապետի աշխատակազմի փոխանցմամբ, ուղերձին մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է.

«Ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ Ձեզ եւ Սուրիոյ բարեկամ ժողովուրդը Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան ազգային տօնի կապակցութեամբ:

Հայ-սուրիական յարաբերութիւններուն յատուկ են պատմականօրէն ձեւաւորուած ամուր բարեկամութիւնը, փոխադարձ համակրանքը, համագործակցութեան եւ փոխաջակցութեան  ոգին։

Սուրիական ճգնաժամի ընթացքին Հայաստանն իր հաստատուն աջակցութիւնը ցոյց տուած է Սուրիոյ, որու խօսուն ապացոյցը Հալէպի մէջ հայկական մարդասիրական առաքելութեան գործունէութիւնն է: Համոզուած եմ, որ մեր պետութիւններու միջեւ աւանդական երկխօսութիւնը հետագային եւս պիտի շարունակուի ընդլայնուիլ եւ խորանալ՝ ի շահ մեր երկու բարեկամ ժողովուրդներուն: 

Լիայոյս եմ, որ Սուրիան պիտի յաղթահարէ առկայ ճգնաժամը եւ պիտի թեւակոխէ առաջընթացի եւ զարգացման նոր փուլ: Օգտուելով առիթէն՝ կ'ուզեմ վերահաստատել մեր յանձնառութիւնը՝ նպաստելու վերականգնողական գործընթացներուն։      
   
Կը մաղթեմ Ձեզի քաջառողջութիւն եւ յաջողութիւններ, իսկ Սուրիոյ բարեկամ ժողովուրդին՝ խաղաղութիւն եւ առաջընթաց»: