image

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները Նիւ Եորքի մէջ պիտի հանդիպին

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի  արտաքին  գործոց նախարարները  Նիւ Եորքի  մէջ պիտի հանդիպին

Նիւ Եորքի մէջ, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ, Սեպտեմբեր 23-ին պիտի կայանայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն:

Սեպտեմբեր 22-ին, ՀՀ ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեան պիտի մեկնի Նիւ Եորք՝ մասնակցելու ՄԱԿ Գլխաւոր Ասամպլէայի 74-րդ նստաշրջանի աշխատանքներուն։