image

Հայաստան գալ ուզողներուն մեծ մասը Պոլիս մնալով կրնար դժուարութիւններ ունենալ. Գագիկ Մուշեղեան

Հայաստան գալ ուզողներուն մեծ մասը Պոլիս մնալով կրնար դժուարութիւններ ունենալ. Գագիկ Մուշեղեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Իսթանպուլ ապրող գործարար Գագիկ Մուշեղեան.

 

-Ինչպէ՞ս ծնաւ Հայաստանի քաղաքացիներուն Պոլսէն Հայաստան տեղափոխելու գաղափարը: Ինչպէ՞ս ընթացան աշխատանքները, ի՞նչ միջոցներով Պոլիս ապրող հայաստանցիները դիմեցին ձեզի եւ ինչքա՞ն էր իրենց ընդհանուր թիւը:


Իմանալով, որ մենք ունինք հայրենակիցներ, որոնք Թուրքիա եկած են առեւտուրի նպատակով, հանրակառքերով, յոյս ունենալով, որ մէկ շաբաթ ետք կը վերադառնան Հայաստան, սակայն «Քորոնա» ժահրի հետեւանքով ճանապարհը փակուելու պատճառով մնացած են Պոլիս եւ կը գտնուին անելանելի դրութեան մէջ, անհրաժեշտութիւն եղաւ միջոցներ ձեռնարկել: Թուրքիա գտնուող հայաստանցիներէն շատերը, որ տարիներով այստեղ ապրած, աշխատած են, այսօր «Քորոնա» վարակի պատճառով փակուած են անոնց աշխատած արտադրամասերը, գործարանները եւ այլեւս ոչ մէկ հնարաւորութիւն ունին այստեղ ապրելու, գոյատեւելու: Այդ մարդոց մեծ մասը հաւաքած գումար չունի, որպէսզի հետագային բարդութիւն առաջանալու ժամանակ այստեղ կարողանայ  ապրիլ, տան վարձակալութեան, առօրեայ վճարներու գումարն ալ չունին: Թուրքիոյ քաղաքացիներուն համար վճարները յետաձգուած են երեք ամսով, բայց այդ մեզի չի վերաբերիր, քանի մենք Թուրքիոյ քաղաքացի չենք։

Մեր հայրենակիցները դիմած էին Պատրիարքարան, դիմած էին նոյնիսկ Պոլսոյ մէջ գտնուող Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան մշտական ներկայացուցիչին, եւ քանի որ անոնք իրաւաբանօրէն ոչ մէկ բանով կրնային օգնել, որոշեցինք կամաւոր կերպով հաւաքագրել մարդոց եւ փորձել ցամաքային փոխադրամիջոցով ճանապարհել՝ Հայաստան: Մենք ցուցակագրեցինք, բայց նորէն հանդիպեցանք խոչընդոտի. հանրակառքը նոյնիսկ տուեալ պարագային ալ Հայաստանի քաղաքացիներով միչեւ Վրաստանի անցակէտ հասնելու համար, պէտք է ունենար յատուկ արտօնագիր: Յատուկ արտօնագիր ստանալու համար պէտք է դիմուէր Անգարա, Անգարայէն ստանալ թոյլատրութիւն, Անգարան Պոլսոյ մէջ ոստիկանութեան վարչութեան միջոցով մեզի տար արտօնագիրը, եւ այդ ամէնը կազմակերպելու համար մեզի շատ մեծ աջակցութիւն ցուցաբերեցին Հայաստանի համապատասխան մարմինները, մեզի նաեւ շատ օգնեց Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Ռուբէն Սադոյեանը՝ ԱԳՆ-էն, եւ փառք Աստուծոյ,  մեր հայրենակիցները  չորս հանրակառքերով եւ  շուրջ  100  ՀՀ քաղաքացիներով  ճամբայ ելան դէպի   Երեւան։

 

-Գիտենք որ բաւական բարդ է Հայաստանի համար այս գործը կատարելը, տրուած ըլլալով, որ Հայաստանն ու Թուրքիան չունին դիւանագիտական յարաբերութիւններ, այդ մէկը ինչ որ բարդութիւններ ստեղծե՞ց:


Եթէ մենք ունենայինք հիւպատոսական ծառայութիւն Թուրքիոյ մէջ, անշուշտ աւելի արագ կը լուծուէր այս հարցը եւ աւելի դիւրին կ'ըլլար, բայց անոր բացակայութեան պատճառով ալ մենք երկու շաբաթ ե՛ւ հասկնալի, ե՛ւ անհասկնալի արգելքներու հանդիպեցանք, բայց թրքական իշխանութիւններն ալ ձեռք մեկնեցին եւ ինչ որ պէտք է շատ արագ եղաւ:

 

-Ո՞վ հոգաց ծախսերը այս ճանապարհորդութեան:


Ըսեմ, որ ուղեւորափոխադրութեան ծախսերը հոգացին Հայաստանի իշխանութիւնները, քաղաքացիները ոչ մէկ ծախս ըրին, նոյնիսկ հարց ծագած էր մարդոց, որոնց անձնագրերու,  Հայաստան ետդարձի փաստաթուղթերու ժամկէտները  լրացած  էին,  եւ այդ բոլորը ի ուրախութիւն  մեզ    արագ մը  լուծուեցան։