«Արեւելք»ի Հալէպի աղբիւրէն կը տեղեկանանք, թէ 9 մարտ 2016 -ին Սուրիոյ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ նախագահ Վեր. Յարութիւն Սէլիմեան եւ Հալէպ քաղաքի նահանգապետ Մոհամմատ Մարուան բացումը կատարած են ցուցահանդէսի մը, որ նուիրուած եղած է մօր եւ ուսուցչաց տօներուն: Ցուցահանդէսը տեղի ունեցած է Հալէպի գիտական ուսումնարանի սրահէն ներս եւ ընդգրկած աւելի քան 50 բաժիններ: Այս առթիւ ցուցադրուած են ձեռարուեստի, զարդեղէնի, զարդադեղերու, հագուստի, նուէրներու, քաղցրաւենիքի եւ հալէպեան ճաշատեսակի հաւաքածոներ: Ցուցահանդէսը, որ պիտի շարունակուի հինգ օր, իր իւրայատուկ արտադրանքներու բովանդակութեամբ, կապ կը ստեղծէ արտադրողի եւ սպառողի միջեւ եւ արաբ լայն հասարակութեան կը ներկայացնէ Հալէպի կանանց ստեղծագործական ունակութիւնները: