image

Լա Քրեսենթայի Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցին նոր վերելք արձանագրեց

Լա Քրեսենթայի Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցին նոր վերելք արձանագրեց

Գլխաւոր բարերար Տէր եւ Տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններու կողմէ 1.5 միլիոն տոլարի նոր նուիրատուութիւն. ընդհանուր գումարը՝ 3.5 միլիոն տոլար

 

«Հայ-քրիստոնէական դաստիարակութիւնը հիմքն է մելքոնեան ընտանիքի եկեղեցաշինութեան սիրոյն ու կամքին», ըսաւ առաջնորդ սրբազան հայրը

Կիրակի, 30 Օգոստոսի երեկոյեան, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան հանդիսապետեց Լա Քրեսենթայի Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ նոր որակ ու շունչ հաղորդելու կոչուած՝ «Վերելք» կալա-ճաշկերոյթին, որ տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի Palladio սրահին մէջ, եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերար՝ տէր եւ տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններու հիւրընկալութեամբ եւ իրենց գլխաւորութիւնը վայելող յատուկ յանձնախումբի կազմակերպութեամբ:  

Առաջնորդին կողքին, ճաշկերոյթին նաեւ ներկայ եղան թեմի նախկին առաջնորդներ՝  Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան եւ Թորգոմ արք. Տօնոյեան, Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ այժմու հոգեւոր հովիւ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան, առաջին  հովիւ՝ Արտակ Ա. քհնյ. Տէմիրճեան, ծխական այլ շրջաններու հոգեւոր հայրեր, Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան եւ անդամներ, իրենց կողակիցներով, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան համաատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեան եւ կինը (որոնք հիւրաբար կը գտնուէին քաղաքս), Կեդրոնական վարչութեան շրջանէս անդամ Կայծակ Զէյթլեան եւ կինը, եկեղեցւոյ բարերար Մելքոնեան ընտանիքը, գլխաւորութեամբ իրենց մօր եւ մեծ մօր՝ Անժել Մելքոնեանի, պատկան մարմիններու եւ ծխական շրջաններու ու քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ թեմի ճամբով լոսանճելըսահայութեան ու ազգի կեանքին մէջ նիւթաբարոյական գործունէութիւն ծաւալած մեծաթիւ ազնիւ բարերարներ, որոնցմէ յիշատակենք՝ տէր եւ տիկին Արիս Սթամպօլեան եւ Մհեր Տէր Յովհաննէսեան, զօրակից ազգայիններ, բարեկամներ եւ հիւրեր:

Շքեղ ու ճոխ երեկոյի հանդիսավարութիւնը կատարեց Թամար Թովմասեան, որուն ողջոյնի խօսքէն ետք, վաստակաւոր թենոր Պերճ Քիրազեան յաջորդաբար հնչեցուց Ամերիկայի եւ Հայաստանի քայլերգները: Սրբազան հօր կողմէ սեղաններու օրհնութեան յաջորդեց համադամ ընթրիք, որուն ընթացքին ցուցադրուեցաւ Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ հիմնադրութեան անցեալ, ներկայ եւ ապագայ փուլերը ներկայացնող գեղեցկօրէն պատրաստուած տեսերիզ՝ ներկաները հաղորդ դարձնելով Լա Քրեսենթայի հայ կեանքէն ներս եկեղեցի հիմնելու մտածումին եւ զայն իրականութիւն դարձնող բոլոր հանգրուաններուն, որոնց ընթացքին համերաշխ գործակցութեամբ յաղթահարուեցան խոչընդոտները, հետզհետէ լուծուեցան դժուարութիւնները՝ շնորհիւ օրուան առաջնորդներուն, Ազգային վարչութեան եւ հայ-քրիստոնէական հաւատքով սնած եկեղեցանուէր հայ անհատներու եւ ընտանիքներու: 

Յատկապէս այս իմաստով շատ իւրայատուկ հնչեց բարերար ամոլի որդւոյն՝ Արման Մելքոնեանի ընտանիքի անունով արտասանած խօսքը. ան նախ փառք տալով Աստուծոյ, մեծարեց իր մեծ հօր՝ հանգուցեալ Մելքոն Մելքոնեանի յիշատակը եւ վկայակոչեց սրահին մէջ ներկայ մեծ մօր՝ Անժել Մելքոնեանի հոգեւոր ու մարդկային առաքինութիւնները: Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ աստուածասիրութիւնն ու եկեղեցասիրութիւնը կը սկսին մեծ ծնողներու տունէն, ուր եօթը զաւակ հայ-քրիստոնէական արժէքներով սնած են, իսկ այսօր, Մելքոնեան ընտանիքը իր 21 թոռներով ահա՛ միասնաբար կը ցնծան իրենց մեծ ծնողներուն անունն ու յիշատակը յաւերժացնող Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ ամբողջական կանգնումին նուիրուած այս ճաշկերոյթին առիթով: Անդրադառնալով իր հօր եւ մօր՝ Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններու անսահման եկեղեցասիրութեան եւ բարերարութեան, Արման նշեց, որ իր հօր նիւթական կարողութիւնը չէ, որ այսօր իրականութիւն կը դարձնէ Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցին, այլ՝ Մելքոնեան ընտանիքի եւ համայնքի բազմաթիւ զաւակներու հաւատքն ու սէրը առ Աստուած եւ առ Հայ եկեղեցի, յանուն հայ-քրիստոնէական հաւատքի ծաղկման, հայութեան հոգեւոր եւ ազգային ինքնութեան ու մշակութային արժէքներու պահպանման:

Երեկոն աւելի եւս ոգեւորուեցաւ, մանաւանդ, երբ գլխաւոր բարերար Մելքոնեան զոյգը հրաւիրուեցաւ բեմ: Վարանդ Մելքոնեան սրտառուչ եւ գօտեպնդիչ խօսքերով լեցուց մթնոլորտը՝ անձնական գողտրիկ մանրամասնութիւններ փոխանցելով եկեղեցւոյ կանգնման ի նպաստ իր հովանաւորութեամբ կատարուած հանգանակութեան եւ դրամահաւաքին մասին: Իր խօսքէն ի յայտ եկաւ, որ Մելքոնեան ընտանիքը, առաջին օրէն մինչեւ այս ճաշկերոյթը, եկեղեցւոյ կանգնումին ու հայացման համար նուիրած է երկու միլիոն տոլար, իսկ ներկայ ճաշկերոյթի կազմակերպման առիթով, ինք անձամբ կապուելով գաղութի մեծատուներուն եւ իր շրջապատի ազգայիններուն, հաւաքած է աւելի քան երկու միլիոն տոլար, առանց ստանալու որեւէ մերժողական պատասխան: Մեծ թէ փոքր գումարներ նուիրող բոլոր նուիրատուներուն շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք, գլխաւոր բարերարը յայտարարեց, որ Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ հայօրէն կանգնումի ծախսը ամբողջացնելու նպատակով, տէր եւ տիկին Մելքոնեան ամոլը մէկուկէս միլիոն ($1,500,000) տոլարի նոր նուիրատուութիւն մը եւս կը կատարէ: Սրահը ուրախութեամբ թնդաց, ներկաներուն որոտընդոստ ծափահարութեան ներքոյ: Հուսկ, Մելքոնեան բացատրեց, որ դրամահաւաքը չէ աւարտած, եկեղեցին նաեւ ունի առօրէական ծախսեր, հետեւաբար, փափաքողներ կրնան միանալ նուիրատուներու ցանկին:    

Կազմակերպիչ յանձնախումբի փոխատենապետ, վաստակաշատ գործիչ եւ եկեղեցւոյ հիմնադիր սերունդի ներկայացուցիչ Տիգրան Տէր Սարգիսեանի խօսքը  Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ հիմնադրութեան եւ օծման անդրադարձում եղաւ՝ Ազգային առաջնորդարանի շէնքին մէջ գործելէն (2010) մինչեւ 2023, Թորգոմ սրբազան Տօնոյեանի առաջնորդութեան օրով, Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Ազգային վարժարանի հանդիպակաց տարածքին մէջ օտար եկեղեցւոյ գնումն ու զայն հայկական եկեղեցւոյ վերածելու Ազգային վարչութեան ու համայնքի զաւակներուն աշխատանքը, հիմնարար բարերարութեամբ Մելքոնեան ընտանիքի, իսկ 2025ին՝ Գեղամ արքեպիսկոպոսի առաջնորդութեամբ, Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ օծումը՝ ձեռամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի, Արեւմտեան թեմին շնորհած իր 6րդ  հովուապետական այցելութեան օրերուն: Տէր Սարգիսեան նաեւ պատումը կատարեց՝ յաջորդական երեք առաջնորդներու օրով Լա Քրեսենթա ծխական համայնքի գոյառման (2005), եկեղեցւոյ հաստատման ու աճման հանգրուաններուն եւ լուսարձակի տակ առաւ շրջանի հայութեան հոգեւոր, կրթական, ընկերային եւ մարդասիրական կեանքին մէջ արձանագրուած յաջողութիւնները: Ան նաեւ շեշտեց, որ թեմին ուժերով նման ծանրակշիռ եւ յոյժ կարեւոր նպատակ մը իրականացնելու համար, անհրաժեշտ էին աննկուն հաւատք եւ աշխատանքի յարատեւութիւն, ապա դրուատեց գլխաւոր բարերար ամոլին, զօրակիցներուն ու կամաւորներուն աշխատանքն ու ծառայական նուիրումը եւ շնորհաւորեց բոլորը՝ Լա Քրեսենթայի մէջ հայկական եկեղեցի կանգնեցնելու երկու տասնեակ տարիներու ի գործ դրուած ճիգը նման յաջողութեամբ պսակուելուն առիթով եւ յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ տարեսկիզբին  կարելի կ՛ըլլայ եկեղեցական արարողութիւնները կատարել ամբողջացած եկեղեցւոյ մէջ:

Ճաշկերոյթին պաշտօնական բաժինը եզրափակեց առաջնորդը եւ իր  խանդավառութիւնն ու շնորհաւորանքը խտացուց հիմնական երեք կէտերու մէջ՝ շեշտելով, որ եկեղեցի եւ դպրոց շինելը հայ ժողովուրդի դարաւոր առաքինութեանց մաս կը կազմէ եւ թէ՝ հայ մարդը մի՛շտ իր ապրած տունէն աւելի ճոխ ուզած է տեսնել Աստուծոյ տունը, այս պատճառով ալ մեր բոլոր եկեղեցիները գրաւիչ են իրենց ճոխութեամբ ու գեղեցկութեամբ, ըսաւ ան եւ իր խորհրդածութիւնը աւարտեց՝ ըսելով, որ որքան ուժեղ, կանգուն ու շքեղ ըլլայ Հայ եկեղեցին, այնքան ամուր, հզօր եւ ազգային ինքնութեամբ ու հայ-քրիստոնէական արժէքներով հասակ առած ու սնած կ՛ըլլան ներկայ եւ հետագայ հայ սերունդները, որոնք, յաջորդաբար, ազգային արժէքներու փոխանցում կը կատարեն եւ Սփիւռքի մէջ կ՛ապահովեն հայկական ինքնութեան պահպանումն ու հայ համայնքի հզօրացումը: Նաեւ, սրբազանը յատուկ կերպով գնահատեց  Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Ազգային վարժարանի Ուսումնական մարմինն ու մեծ ընտանիքը, որ առաջին օրէն ստանձնած էր նոր կալուածի ամսական մեծագումար պարտամուրհակի վճարման պատասխանատուութիւնը եւ կը շարունակէ զայն մինչեւ օրս:   

Գեղամ արքեպիսկոպոսի օրհնութեան աղօթքով թէեւ վերջ գտաւ ճաշկերոյթի  պաշտօնական բաժինը, սակայն բեմին վրայ շարունակուեցան հնչել որակաւոր հայ եւ օտար երգեր, որոնք աւելի եւս ճոխացուցին սրահը լեցուցած ներկաներուն տօնական տրամադրութիւնը: Յայտնենք, որ ճաշկերոյթի ընթացքին, պարբերաբար գործադրուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր: