Գերմանիոյ դաշնային դատախազութիւնը մեղադրանք առաջադրած է պաղեստինեան արմատական իսլամիստական «Համաս» շարժման ենթադրեալ եօթ անդամներու դէմ։ Այդ մասին կը տեղեկացնէ «Deutsche Welle»-ն։
Անոնք կը մեղադրուին Պերլինի եւ Վիեննայի մէջ ահաբեկչական յարձակումներ ծրագրելու մէջ, որոնք նախատեսուած էին 2023 թուականի Հոկտեմբեր 7-ին Իսրայէլի դէմ իրականացուած ահաբեկչական յարձակման երկրորդ տարելիցին համընկնիլ։
Ըստ քննիչներուն՝ Գերմանիոյ եւ Աւստրիոյ մայրաքաղաքներուն մէջ այդ օրը կը ծրագրուէին յարձակումներ՝ իսրայէլացի ներկայացուցիչներու, հրեայ քաղաքացիներու կամ Իսրայէլամէտ հայեացքներ ունեցող անձերու դէմ։
Ահաբեկիչներու ծրագիրները կանխուած են նախատեսուած յարձակումներէն ընդամէնը քանի մը օր առաջ։ Առաջին երեք կասկածեալները ձերբակալուած են Պերլինի մէջ՝ 2025 թուականի Հոկտեմբեր 1-ին։ Տեղեկութիւններու համաձայն՝ այդ պահուն խումբը արդէն կուտակած էր զէնքերու պաշար, որ կը բաղկանար ինքնաձիգներէ, 13 ատրճանակէ եւ աւելի քան 700 փամփուշտէ։
Միաժամանակ Լոնտոնի մէջ ձերբակալուած է եւս մէկ կասկածեալ, որուն դէմ առանձին դատական վարոյթ կը շարունակուի։ Միւս ձերբակալութիւնները կատարուած են Դանիոյ, Կիպրոսի եւ Պերլինի մէջ։
«Համաս»-ը, որ Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ ճանչցուած է որպէս ահաբեկչական կազմակերպութիւն, հերքած է ձերբակալուած անձերուն հետ իր կապը։