image
Հրատապ լուրեր:

Հանգուցեալ Անժել Չէմպերճեանի Հոգեհանգիստը

Հանգուցեալ Անժել Չէմպերճեանի Հոգեհանգիստը

Բժշկ. Անժել Չէմպէրճեանի մահուան քառասունքին առթիւ, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Շաբաթ, 12 Սեպտեմբեր 2026-ին, ժամը 11:00-ին, Մայր Տաճար Սուրբ Էջմիածնի մէջ։

Խոր կսկիծով տեղեկացանք, որ մահկանացուն կնքած էր բժշկ. Անժել Չէմպէրճեան (ծնեալ Յարութիւնեան)՝ իր ետին թողելով ազնիւ, համեստ եւ առաքինի հայուհիի մը բարի ու լուսաւոր յիշատակը։

Հանգուցեալը իր ամբողջ կեանքին ընթացքին իր համեստութեամբ, նուիրուածութեամբ եւ մարդկային բարձր յատկանիշներով արժանացած էր շրջապատին սէրին ու յարգանքին։ Ան նաեւ ազգային բարերար Տիար Գաբրիէլ Չէմպէրճեանի արժանաւոր կողակիցը եղած էր եւ տարիներ շարունակ իր մասնակցութիւնը բերած էր ազգային, եկեղեցական ու բարեսիրական նախաձեռնութիւններու։

Հոգեհանգիստ՝ մահուան քառասունքին առթիւ

Բժշկ. Անժել Չէմպէրճեանի մահուան քառասունքին առթիւ, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Շաբաթ, 12 Սեպտեմբեր 2026-ին, ժամը 11:00-ին, Մայր Տաճար Սուրբ Էջմիածնի մէջ։

Այս առիթով «Արեւելք» իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի ամուսնոյն՝ ազգային բարերար Տիար Գաբրիէլ Չէմպէրճեանին ընտանեկան պարագաներուն, ազգականներուն եւ բոլոր սգակիր հարազատներուն։

Թող Ամենակալ Աստուած հանգուցեալին հոգին ընդունի իր երկնային լոյսին մէջ եւ սգակիր ընտանիքին շնորհէ համբերութիւն, մխիթարութիւն ու քրիստոնէական զօրութիւն։