Աստանայի մէջ ողբերգական դէպք պատահած է։ Ոստիկանութեան նախնական տուեալներով՝ 27-ամեայ կինը ինկած է բնակելի շէնքի 15-րդ յարկի պատուհանէն եւ իյնալու ժամանակ յայտնուած մանկական սայլակի վրայ, որուն մէջ եղած է երկու տարեկան երեխայ։
Ստացած վնասուածքներուն հետեւանքով երեխան մահացած է։ Կինը նոյնպէս մահացած է։
Աստանայի ոստիկանութեան վարչութենէն յայտնած են, որ դէպքի առնչութեամբ քրէական գործ յարուցուած է։ Ներկայիս ստուգում կը կատարուի եւ կը պարզուին ողբերգութեան բոլոր հանգամանքները։