image

Հորմոզի նեղուց. Ապու Տապիի պատկանող երկու նաւեր յարձակման ենթարկուած

Հորմոզի նեղուց. Ապու Տապիի պատկանող  երկու նաւեր յարձակման ենթարկուած

Ապու Տապիի ազգային նաւթային ընկերութեան (ADNOC) երկու նաւ յարձակման ենթարկուած է Հորմուզի նեղուցին մէջ։ Տուժածներ չկան։ Այս մասին կը հաղորդուի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու WAM լրատուական գործակալութեան փոխանցած յայտարարութեան մէջ։

«Օգոստոս 13-ի երեկոյեան ընկերութեան երկու նաւ յարձակման ենթարկուեցան Հորմուզի նեղուցով անցնելու ընթացքին։ Միջադէպի հետեւանքով ոչ ոք տուժած է, իսկ իրավիճակը վերահսկելի է»,– նշուած է ADNOC-ի յայտարարութեան մէջ։

Իր հերթին, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յարձակման պատասխանատուութիւնը դրած է Իրանի վրայ։ Ապու Տապի նաեւ պահանջած է Թեհրանէն դադրեցնել յարձակողական գործողութիւնները եւ «լիովին ու անվերապահօրէն բանալ նեղուցը»։