image

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի բարեփոխումը դարձած է անյետաձգելի. Մոտի

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի բարեփոխումը դարձած է անյետաձգելի. Մոտի

 

Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտի BRICS-ի գագաթնաժողովին յայտարարած է, որ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի բարեփոխումը այլեւս չի կրնար յետաձգուիլ։

Այս մասին կը տեղեկացնէ «The New Indian Express»-ը։

«ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի բարեփոխման թեմայով բանակցութիւններու շրջածիրէն ներս անհրաժեշտ է սահմանել յստակ ժամանակացոյց եւ ձգտիլ յստակ արդիւնքներու», աւելցուցած է Մոտի։

BRICS-ի 18-րդ գագաթնաժողովը տեղի կ՚ունենայ Սեպտեմբեր 12-13-ին՝ Նիւ Տելիի «Պհարաթ Մանտափամ» համալիրին մէջ։