BRICS-ի անդամ պետութիւնները պիտի աջակցին բազմակողմ առեւտրական համակարգին եւ դիմադրեն պաշտպանողական միջոցառումներուն։ Այս մասին Հնդկաստանի մէջ տեղի ունեցող BRICS-ի գագաթնաժողովին յայտարարած է Չինաստանի նախագահ Սի Ճինփինկը։
Ըստ Չինաստանի նախագահի՝ BRICS-ի երկիրները պէտք է խթանեն համայն մարդկութեան ընդհանուր արժէքները, քաջալերեն քաղաքակրթութիւններու միջեւ փորձի փոխանակումը, «ապահովեն ներդաշնակ համակեցութիւն եւ փոխլրացում», պետական կառավարման ոլորտին մէջ փորձի փոխանակում կատարեն եւ համատեղ ուղղորդեն «կուտակուած դրական ուժը միջպետական յարաբերութիւններու կայուն զարգացման համար»։
«Անհրաժեշտ է խորացնել համագործակցութիւնը մշակոյթի, զբօսաշրջութեան, կրթութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ, ամրապնդել երիտասարդական փոխանակումները, նպաստել ժողովուրդներու միջեւ կանոնաւոր շփումներու հաստատման, խորացնել փոխըմբռնումը եւ մերձեցնել զանոնք», աւելցուցած է ան։