image

Ուքրանիան ներկայիս բանակցութիւններու համար լաւ դիրքի վրայ է․ Զելենսքի

Ուքրանիան ներկայիս բանակցութիւններու համար լաւ դիրքի վրայ է․ Զելենսքի

Վլատիմիր Զելենսքին պատրաստ է հանդիպելու Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին՝ Մայամիի մէջ կայանալիք G20-ի գագաթնաժողովին։ Այս մասին Ուքրանիոյ նախագահը ըսած է «DW»-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին։

Զելենսքին յայտարարած է, որ պիտի մասնակցի Դեկտեմբերին կայանալիք G20-ի գագաթնաժողովին, եթէ Փութինն ալ մեկնի այնտեղ։

«Այո՛, անշուշտ։ Մենք պէտք է երթանք։ Մենք պէտք է հանդիպինք, զրուցենք եւ որոշումներ կայացնենք… Կարեւոր չէ, թէ ես ի՛նչ պիտի ըսեմ անոր կամ ան ի՛նչ պիտի ուզէ ըսել ինծի։ Ատիկա էական չէ։ Կարեւորը արդիւնքն է», ըսած է ան։

Ըստ Զելենսքիի՝ Ուքրանիան ներկայիս «բանակցութիւններու համար լաւ դիրքի մէջ է»։ «Երկիրը աւելի զօրաւոր է, քան մէկ տարի առաջ էր», ըսած է ան։