image

Վրաստանի մէջ պետական դաւաճանութեան մեղադրանքով ձերբակալած է պաշտպանութեան նախկին նախարարը

Վրաստանի մէջ պետական դաւաճանութեան մեղադրանքով ձերբակալած է պաշտպանութեան նախկին նախարարը

Վրաստանի մէջ ձերբակալուած է պաշտպանութեան նախկին նախարար Կէորկի Պարամիձէն։ Այդ մասին կը տեղեկացնէ «Deutsche Welle»-ն։

 

Վրաստանի գլխաւոր դատախազի տեղակալ Ամիրան Կուլուաշվիլին յայտնած է, որ Պարամիձէին մեղադրանք առաջադրուած է պետական դաւաճանութեան համար։

Գործը յարուցուած է Պարամիձէի այն յայտարարութիւններուն հիման վրայ, որոնք հնչած են «Վրաստանի ծնունդը» հեռուստահաղորդման ընթացքին։ Ըստ Գլխաւոր դատախազութեան տուեալներուն՝ հարցազրոյցի ընթացքին 58-ամեայ քաղաքական գործիչը նշած է, որ Ապխազիոյ մէջ 1992-1993 թուականներու պատերազմի սկիզբը վրացի զինուորները գերիներ չեն վերցուցած, այլ տեղւոյն վրայ գնդակահարած են զանոնք, որու հետեւանքով, ի տարբերութիւն ապխազական կողմին, վրացական կողմը փոխանակման համար գերիներ չէ ունեցած։

Գլխաւոր դատախազութիւնը յայտարարած է, որ որեւէ ապացոյց չէ յայտնաբերած՝ վրացական բանակին կողմէ ռազմագերիներու գնդակահարութեան մասին պնդումները հիմնաւորելու համար։

Իրաւապահ մարմիններու ներկայացուցիչները յայտնած են, որ Պարամիձէի յայտարարութիւնները միտումնաւոր գաղափարական եւ քարոզչական բնոյթ կը կրեն եւ կը ծառայեն Վրաստանի պետական ու ազգային շահերու, արտաքին անվտանգութեան, պաշտպանական կարողութիւններու եւ պետական հաստատութիւններու խարխլման։