image

Հայ Աւետարանական Համայնքի Կազմակերպած Ցուցահանդէսը Հալէպի Մէջ

Հայ Աւետարանական Համայնքի  Կազմակերպած  Ցուցահանդէսը Հալէպի Մէջ

«Արեւելք»ի  Հալէպի աղբիւրէն  կը տեղեկանանք, թէ 9 մարտ 2016 -ին   Սուրիոյ Հայ Աւետարանական  եկեղեցւոյ նախագահ   Վեր. Յարութիւն Սէլիմեան  եւ Հալէպ  քաղաքի   նահանգապետ Մոհամմատ Մարուան   բացումը կատարած են ցուցահանդէսի  մը, որ  նուիրուած  եղած է  մօր եւ ուսուցչաց   տօներուն: Ցուցահանդէսը  տեղի ունեցած է Հալէպի գիտական ուսումնարանի սրահէն ներս  եւ ընդգրկած  աւելի քան 50 բաժիններ: Այս  առթիւ  ցուցադրուած են  ձեռարուեստի, զարդեղէնի, զարդադեղերու, հագուստի, նուէրներու,  քաղցրաւենիքի եւ հալէպեան ճաշատեսակի հաւաքածոներ: Ցուցահանդէսը, որ պիտի շարունակուի հինգ օր, իր իւրայատուկ արտադրանքներու բովանդակութեամբ, կապ կը ստեղծէ  արտադրողի եւ սպառողի միջեւ եւ  արաբ լայն հասարակութեան կը  ներկայացնէ   Հալէպի կանանց ստեղծագործական ունակութիւնները: