image

«Հասանք վերջին փուլ» յայտարարած է լիբանանեան բանակը

«Հասանք վերջին փուլ» յայտարարած է լիբանանեան բանակը

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը, հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարած է, թէ բանակը հասած է «Բարձունքներու  արշալոյսը» զինուորական գործողութեան վերջին փուլ եւ կը նեղցնէ օղակը «Տահէշ» ահաբեկչական խմբաւորման  գրաւած «Ռաս Պաալպէք»ի կեդրոններուն ուղղութեամբ:

Բանակը նաեւ յայտնած է, որ կարեւոր գործողութիւններ կը կատարուի «Ուատի Մըրթպայա» շրջանին ուղղութեամբ, ուր տեղակայուած են Լիբանանի մէջ  գտնուող «Տահէշ»ի  վերջին  դիրքերը:

Ըստ լրատուական գործակալութիւններու, անցնող օրերուն ընթացքին բանակը տուած է վեց զոհ, մինչ «Տահէշ»ի  սպաննեալերուն թիւը կը հասնի հարիւրի:

Յիշեցնենք, որ ընթացող այս մարտերու առաջին օրերուն վիրաւորուած է լիբանանեան  բանակի հայազգի  զինուոր  Սեպուհ Կիրակոսեանը: