Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը, հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարած է, թէ բանակը հասած է «Բարձունքներու արշալոյսը» զինուորական գործողութեան վերջին փուլ եւ կը նեղցնէ օղակը «Տահէշ» ահաբեկչական խմբաւորման գրաւած «Ռաս Պաալպէք»ի կեդրոններուն ուղղութեամբ:
Բանակը նաեւ յայտնած է, որ կարեւոր գործողութիւններ կը կատարուի «Ուատի Մըրթպայա» շրջանին ուղղութեամբ, ուր տեղակայուած են Լիբանանի մէջ գտնուող «Տահէշ»ի վերջին դիրքերը:
Ըստ լրատուական գործակալութիւններու, անցնող օրերուն ընթացքին բանակը տուած է վեց զոհ, մինչ «Տահէշ»ի սպաննեալերուն թիւը կը հասնի հարիւրի:
Յիշեցնենք, որ ընթացող այս մարտերու առաջին օրերուն վիրաւորուած է լիբանանեան բանակի հայազգի զինուոր Սեպուհ Կիրակոսեանը: