image
Հրատապ լուրեր:

Հարիւրաւոր սուրիացիներ կը փախչին Ռաքքայէն

Հարիւրաւոր սուրիացիներ  կը  փախչին Ռաքքայէն

Հարիւրաւոր  սուրիացիներ  խոյս  կու տան Ռաքքայէն: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ   BBC Arabic   կայանը, որ  նաեւ կը փոխանցէ, թէ անզէն քաղաքայինները կը հեռանան դէպի  Հալէպի եւ Տէր Զօրի գիւղական շրջաններ: Աղբիւրը նաեւ կը յայտնէ, թէ քրտական ուժեր, ունենալով  միջազգային դաշնակից  ուժերու նեցուկը,  սկսած են զինուորական գործողութիւն մը  շղաթայազերծել ազատագրելու համար Ռաքքան Տահէշի լուծէն:  Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ,  թէ   քրտական ուժերուն առաջնային  նպատակն է   գրաւել Ռաքքայի   հիւսիսային   գիւղական շրջանները:  Կը նշուի, թէ  որպէս առաջին  թիրախ քրտական ջոկատները նպատակ դրած են գրաւել  Քարթաժ եւ Այն Իսա   շրջանները: