Հարիւրաւոր սուրիացիներ խոյս կու տան Ռաքքայէն: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ BBC Arabic կայանը, որ նաեւ կը փոխանցէ, թէ անզէն քաղաքայինները կը հեռանան դէպի Հալէպի եւ Տէր Զօրի գիւղական շրջաններ: Աղբիւրը նաեւ կը յայտնէ, թէ քրտական ուժեր, ունենալով միջազգային դաշնակից ուժերու նեցուկը, սկսած են զինուորական գործողութիւն մը շղաթայազերծել ազատագրելու համար Ռաքքան Տահէշի լուծէն: Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, թէ քրտական ուժերուն առաջնային նպատակն է գրաւել Ռաքքայի հիւսիսային գիւղական շրջանները: Կը նշուի, թէ որպէս առաջին թիրախ քրտական ջոկատները նպատակ դրած են գրաւել Քարթաժ եւ Այն Իսա շրջանները: