image

Համբերութեան Սահմանը.Աբիկ Զուպրիկեանի յիշատակին

Համբերութեան Սահմանը.Աբիկ Զուպրիկեանի  յիշատակին

Կարպիս  Լէփէճեան  կը գրէ ՝

Սոյն խորագիրով ուզեցի սկսիլ գրութիւնս, անոր համար, որ որքան ալ արարիչը մարդուս անսահման համբերութիւն տայ, ի վերջոյ տեղ մը , ժամանակ մը, երբ կեանքի պայմանները՝ դժնդակ ու աղէտալի իրադրութեան յարատեւութիւն մը կը պարտադրէ, հոն կ՛ուրուագծուի անխուսափելիի ուրուականը եւ - ակամայ- անկախ ենթակայէն…վերջ մը, աւարտ մը կրնայ դնել, այդ բնածին յատկանիշին՝ «մահուամբ» կամ «խելագարութեամբ», որ է նաեւ սահմանագիծը՝ համբերութեան։

Արդէն տասնամեակը թեւակոխած սուրիական պատերազմը, իր բոլոր ողբերգական դրսեւորումներու կնիքը դնելով՝ իւրաքանչիւր՝ հոն վերապրողին վրայ, բան մը, անպայման խախտած է կամ աւերած է անոր հոգիին մէջ: Այս իմաստով, եթէ սովորական մահկանացուն, որ ընկերային ու ազգային ոչ մէկ պատասխանատուութիւն կրելով՝ վաղուայ անստուգութիւնը ուսած՝ կը գոյատեւէ, ապա ինչ ըսել, այն հասարակական գործիչներուն, որոնք շալկած են նաեւ ազգին ընկերային ու բարոյական մտահոգութիւնը… Պատերազմը, աւեր ու արիւն, ռումբ, հրթիռ ու փլուզում…որոշ ու շօշափելի… իսկ ահա սա համավարակը, կամ ժահրը, ինչ անուն կ՝ուզէք տուէք, անաղմուկ, գաղտագողի կը սողոսկի շնչառութեան հետ կամ շփումով… Ցաւին վրայ , շրջագայող ուրուական մը մահասփիւռ, որ մարդ կը հնձէ…

Աբիկին մահը՝ այս բոլորին հանրագումարն էր, ինչպէս այն բոլոր հոգիներուն, որոնք հեռուէն ու մօտէն առնչուած են մեր ժողովուրդին ազգային ու ընկերային կեանքով: Հոս, կ՝առանձնացնեմ Աբիկը, որովհետեւ իր ստանձնած Կիլիկեան Կրթ. Հաստատութիւնը՝ վերոյիշեալ արհաւիրքին զուգադիպեցաւ եւ մանաւանդ՝ փլատակի վերածուած նախակրթարանի մասնաշէնքն ու միւս երկու շէնքերուն ալ լուրջ վնասները…Յուսահատիլ չգիտցող այս տղան, դուրսի ու ներսի ընկերներուն հետ ուս-ուսի տուած՝ հերոսական աշխատանք տարաւ վերաշինութեան… Իր ինքնամոռաց գործունէութիւնը, թոյլ չտուաւ կազմելու իր ընտանեկան օճախը, երբ Երեւանի ճարտարագիտականը աւարտած ապա եւ աւագ եղբօրը՝ Նշանին հետ ձեռնարկութիւն հիմնած այս տղան՝ բոլոր միջոցները ապահոված էր սեփական ընտանիք մը ունենալու համար, բայց…

  իր դպրոցը, Նոր Սերունդ-Հ.Մ.Մ. ակումբը…ահագին գործ կար ընելու, պարզապէս ժամանակ չկար ընտանիք կազմելու…ահա իր արդարացումը: Անցած տարի, երբ Անդրանիկ թատերախումբի հարիւրամեակին առիթով Հալէպ էի, ակնարկեցի , որ . ՝՝ալ հերի՛ք է, զուգընկերդ գտի՛ր՛՛ երկա՜ր խնդալէն յետոյ յարեց. ՝՝ժամանակ չկայ , ժամանա՜կ՛՛…: Աբիկ ճան, թէեւ երկրագունդի թաւալքը՝ մարդիկ օրերու եւ ժամ ու վայրկեաններու սահմանագծում մը ըրած են, բայց ինքը, միայն տիեզերքն էր անսահման՝Աբիկ ճան, իսկ համբերութիւնը ըլլալով մարդածին՝ ՍԱՀՄԱՆ մը ունէր, որուն քու բարեսիրտ հոգիդ չդիմացաւ աւաղ…գերհոգնածութիւնը իր սեւ գործը ըրաւ … բայց չտխրիս ժպտադեմ ու բարեհամբոյր տղայ, «գիտակները» կ՝ըսեն. թէ վերը, պատերազմ ու համավարակներ չկան, չկան նաեւ քինախնդրութիւն, նենգութիւն ու դաւ, այլ կան հրեշտակներ, ժամանակն ալ անծայրածիր, հետեւաբար……..

 

 

Երեւան, Սեպտ. 6, 2020թ. Առաւօտ, ժ. 4