Բրիտանական «Daily Mirror» թերթը յօդուածով մը անդրադարձած է Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Ճոնկ-Ունի նոր զէնքին, որով վերջինս կրնայ հարուած հասցնել ԱՄՆ-ին ու Բրիտանիոյ, համաշխարհային երրորդ պատերազմի բռնկման պատճառ դառնալով:
Ըստ թերթին, նոր զէնքը «Հուասոնկ 15» տիպի բալիստիկ հրթիռն է, որ կ'ամբողջացնէ Հիւսիսային Քորէայի միջուկային ուժը եւ վտանգի կ'ենթարկէ ԱՄՆ-ի անվտանգութիւնը:
Այս Հիւսիսային Քորէայի մինչեւ օրս հզօրագոյն հրթիռն է, որու փորձարկման ժամանակ 53 վայրկեան թռչելով 590 մղոն կտրած ու ճափոնական ծովուն մէջ ինկած է:
Նշուած է նաեւ, որ հրթիռն այս անգամ մայրաքաղաքէն 18 մղոն հեռաւորութենէ արձակուած է, եւ ի տարբերութիւն ուրիշ անգամներու, երբ առաւօտեան կ'արձակուէին փիրձարկուող հրթոռները, այս անգամ կէս գիշերէն ետք ժամը 2:28-ին արձակուած է, բան մը, որ մտածել կու տայ, թէ Ճոնկ-Ուն կը զգուշացնէ, որ որեւէ պահու եւ որեւէ տեղէ կրնայ արձակուիլ ԱՄՆ-ի դէմ արձակուելիք հրթիռները: