image

Հալէպը փրկութեան եզրի՞ն

Հալէպը  փրկութեան եզրի՞ն

Սուրիական տագնապին   մօտէն հետեւողներուն   շատերուն կարծիքով,   յառաջիկայ  օրերուն կարեւոր զարգացումներ  կը սպասուին:  Այս  մօտեցումը կապ ունի  յատկապէս Թեհրանի մէջ   հինգշաբթի օր  գումարուած ապահովական  ժողովին հետ, որուն  իրենց մասնկացութիւնը  բերին  Սուրիոյ, Իրանի եւ  Ռուսիոյ պաշտպանութեան   նախարարները:  Al Mayadeen.net    կայանին   մօտեցմամբ,   Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի՝ օրեր առաջ   երկրի խորհրդարանին    առջեւ    արտասանած ճառը  սպասուելիք   գործողութիւններուն  առընթեր  պէտք է     ազդանշան  համարել:  Ասատ  իր ելոյթով  յականէ  անուանէ ծանր մեղադրանքներ    կ'ուղղէր Թուրքիոյ  նախագահի հասցէին ու  նաեւ կը հաւաստիացնէր, որ Էրտողան «պիտի  ճզմուի» Հալէպի մէջ:  Այս   ընդհանուր պատկերին դիմաց ուրեմն սպասելի է, որ Հալէպի մէջ զինուորական  գործողութիւնները  սաստկանան, եւ Սուրիոյ  բանակը    ռուսական օդուժին,   լիբանանեան «Հըզպալլա»ին եւ   իրանեան  ջոկատներուն  հետ միասին   կարեւոր ու նոյնիսկ մահացու հարուած տայ այն ջոկատներուն, որոնք կը   շարժին  Անգարայի թելադրանքով ու նեցուկով:  Այս  գործողութիւնները  եթէ սկսին  պարզ պիտի դառնայ նաեւ, որ   Թեհրանի  ժողովն ու   ծրագիրը կը վայելեն  արեւմուտքի  զօրակցութիւնը: Գետնի վրայ ոչինչ կը փոխուի, եթէ  այդ նեցուկը   սոսկ «լռելեայն  նեցուկ»  մը ըլլայ, սակայն բացորոշ է, որ մանաւանդ Մոսկուա  չի պատրաստուիր  «պակասաւոր քայլեր» ընել   կամ սայթաքիլ:   Հալէպի սպասուած ու գլխաւոր ճակատամարտին մասին  նոյնպէս խօսած է   Մոսկուայի մօտ   Սուրիոյ    դեսպան ՝ Րիատ Հատատը: Դեսպանը լրագրողներուն     յայտնած է, որ Հալէպը  ազատագրելու համար յատուկ ծրագիր մը կայ, որ յառաջիկայ օրերուն       գործադրութեան  պիտի դրուի:

Յուսալի է, որ   Հալէպի շուրջ եղող  գործողութիւնները   իրենց նախկիններուն  ճակատագիրը  չեն ունենար, ու   իսկական ճանապարհ  կը բանան  Սուրիոյ երկրորդ մայրաքաղաքը ահաբեկիչ   զինեալներէ վերջնականապէս զերծ   պահելու ծրագրին:

Թեհրանի ժողովը   պատմական  ժողով մը ըլլալու բոլոր  դրոյթները  ունի. կը մնայ համբերութեամբ սպասել: