Հալէպ քաղաքը այսօր հրթիռներու թիրախ դարձաւ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն։
Մեր տեղեկութիւններով առնուազն երկու հրթիռներ ինկած են Հալէպի Շահպա եւ Հալապ Ժատիտա շրջաններուն վրայ, պատճառ դառնալով նիւթական մեծ վնասներու։
Ըստ վերջին տուեալներուն հրթիռները ինկած են խաղաղ բնակչութեան շէնքերու վրայ, պատճառ դառնալով, որ մի քանի բնակարաններ ծանր վնասներ կրեն։
Ըստ կարգ մը ոչ պաշտօնական աղբիւրներու հրթիռակոծումներուն հետեւանքով կան վիրաւորներ, սակայն տեղեկութիւնը ցարդ չէ հաստատուած։
Նշենք նաեւ, որ «Ալ Շահպա» եւ «Հալապ Ժատիտա» շրջաններուն մէջ մեր հայրենակիցներուն թիւը բաւական նօսր են, իսկ շրջանը թիրախաւորողներ Հալէպի արեւմտեան (գիւղական) շրջանին մէջ գտնուող ահաբեկչական խմբաւորումներն են։