image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպի մէջ զինուորական պատժիչ գործողութիւններու մասին խօսիլը մեր իրաւասութիւնէն դուրս է. Ժիրայր Ռէիսեան

Հալէպի   մէջ զինուորական  պատժիչ   գործողութիւններու մասին խօսիլը  մեր  իրաւասութիւնէն  դուրս է.    Ժիրայր Ռէիսեան

Ժիրայր  Ռէիսեանի  խօսքով՝ Հալէպի մէջ  իրավիճակը,  համեմատած անցնող  օրերուն,  աւելի հանդարտ է:  Սուրիոյ խորհրդարանի անդամը, անդրադառնալով վերջին օրերուն Հալէպի մէջ ապահովական իրավիճակի տագնապալի իրադրութեան, ըսաւ, թէ ինք չուզէր ոչ մէկ մեկնաբանութիւն ընել այդ ուղղութեամբ: Ապահովական  դրութեան  հետեւանքով հալէպահութեան  ապրած լարուածութեան մասին   եղած  հարցումին  Ռէիսեան  ըսաւ, որ  համայնքը տակաւին իր սովորական կեանքը կը վարէ, ամուր է, մասնաւոր ոչ մէկ արտակարգ վիճակ կայ, աւելցնելով  «Անշուշտ ժողովուրդը նոյնպէս կը մտահոգուի բոլորին հետ, սակայն իր կեանքը կը շարունակէ»: Այնուհետեւ, Սուրիոյ բանակին  կողմէ պատժիչ գործողութիւններ ձեռնարկելու մտադրութեան եւ զինուորական գործողութիւններ սկսելու վերաբերեալ հարցին, Ռէիսեան ըսաւ, որ  հարցումը  իրեն վերաբերող հարց չէ,«այդ հարցը բանակային ղեկավարութիւնը ինքն է, որ կը ճշդէ եւ եթէ պէտք  ըլլայ այդ մասին  կը յայտարարէ»:

Մեր հարցին, թէ իբրեւ քաղաքական գործիչ ի՞նչ աշխատանքներ կը տանին, Ռէիսեան պատասխանեց. «Աշխատանքները կան,  յատկապէս այսօր, սակայն պէտք է նշեմ, որ որպէս երեսփոխաններ տակաւին երդում չենք կատարած եւ  յառաջիկայ մեր  գործունէութիւնը  սկիզբ   կ'առնէ այդ երդումը տալէն ետք: Կան նախապատրաստական աշխատանքներ՝ կապուած ժողովուրդի մտահոգութիւններուն եւ ականկալութիւններու,  որոնք արդէն իսկ իրենց յստակ պատկերը ունին, բայց  այս պահուն կը նախընտրենք այդ ծրագիրներուն  մասին չխօսիլ»:

Մեր հարցումին,  կապուած՝ Հալէպի  ընդհանուր  անվտանգութեան  եւ այդ խնդիրը Սուրիոյ  վերին  մարմիններուն մօտ արծարծելուն,   Ռէիսեան   ըսաւ ՝ «Տեղական պատասխանատուներու հետ հանդիպումներ, շփումներ կ'ըլլան  եւ  այդ ուղղութեամբ  եւս որոշ  աշխատանքներ կը տարուին»: