image

Հալէպի հարցով «երկու չափ, երկու կշիռ»

Հալէպի հարցով «երկու չափ, երկու կշիռ»

Հարիւրաւոր ցուցարարներ բողոքի   ցոյց կատարած են Լոնտոնի մէջ: Անոնք  իրենց  կառավարութիւնէն  պահանջած են անյապաղ  միջամտութիւն  կատարել մարդկային մեծ ողբերգութիւն  մը  հեռու պահելու համար Հալէպի   արեւելեան   հատուածներէն:  

Առաջին անգամը չէ,  որ  արեւմուտքի  այսպէս կոչուած «հանրային կարծիք»ը   նման          կեցուածքով մը հանդէս կու գայ:

Ցոյցեր, բողոքներ,   ամօթանք եւ մարդկային  իրաւանց  ջատագով ըլլալու   կեցուածքներու դրսեւորում:

Վերադառնալով Հալէպին,  պէտք է անպայման   շեշտել, որ Հալէպի  մէջ  մղուած ճակատամարտը    միայն Սուրիոյ նախագահին   կողմէ մղուած ճակատամարտ մը չէ:

Իրանի ու անկէ ետք   Ռուսաստանի  կողմէ կատարուած միջամտութիւնը       ունի  գաղափարական  երես, որուն    սահմանները  մեզի ետ կը տանին երկբեւեռ աշխարհի     «սառն» օրերուն:

Իրօք,  ո՞վ էր Հալէպի մէջ պատերազմ  հրահրողը: Եւ  խորքին մէջ յանուն ինչի՞   մեկնարկեց  արդէն    վեց տարիէի  ի վեր   սուրիացիներն ու ողջ երկիրը արեան  մէջ  թաթխած այս հակամարտութիւնը:

Եւ ամենակարեւորը, ո՞ւր էին անոնք, որ այսօր մարդկային իրաւունքներու քողին տակ    փողոց  իջած  են եւ  «արդարութիւն» կը պահանջեն:

Այս հանգրուանին համար  պահանջուած արդարութիւնը  անշուշտ  Հալէպի արեւելեան   շրջաններուն մէջ թաքնուած   եւ  որպէս չափաւորական ընդդիմադիր   ճանչցուած     իսլամիստներուն համար է,  որոնք      վեց տարի ի վեր  հրոյ  ճարակ դարձուցին Միջին Արեւելքի ընդհանուր տեսադաշտին մէջ իր յատուկ նշանակութիւնն ու   արժէք ներկայացնող  Սուրիան: Չմոռնանք ՝ արաբական  Սուրիան եւ այն Սուրիան, որ    դարձած էր վէմը    արաբականութեան դատին: Այս բոլորը փաստացի տուեալներ են  ու      զարմանալի է,  որ մինչ  այդ իրենց ծպտունը  չհանած ու   մարդու իրաւունքներով «տառապող»  ամբոխները   այսօր «խելագարած»  են եւ  կը  պահանջեն    «ազատութիւն»    այդ   զինեալներուն համար:  

 Յիշեցնելու կարգով  պէտք է շեշտադրել, որ Հալէպի սահմանները չեն  աւարտիր   Թուրքիոյ սահմանին մօտ եղող «Ալ Պապ»  շրջանին մէջ: Հալէպի իրական սահմանները  Մոսկուայի   դռներն է: Հալէպը  առանց չափազանցելու Մոսկուայի նախադուռն է: Եթէ հարցերը  այս  տեսանկիւնէ   քննենք,  ապա յստակ  կը դառնայ, որ ինչու  այդքան  հզօր  ճիգեր նեդրուեցան  ազատագրելու համար  Հալէպը:  Այն Հալէպը, որ մեզի համար ալ  կարեւոր   ու  հայապահպանութեան պարիսպ  մ'է:   Միւս կէտերը մանրամասնութիւններ են,  մանաւանդ որ   գեր-տէրութիւններու հաշիւներուն եւ   ռազմաքաղաքական    քայլերուն մէջ    մանրամասնութիւնները    հաշուի չեն առնուիր:   Կը մնայ յուսալ, որ    Հալէպի համար մղուած այս թէժ պայքարներէն ետք  սիւննի  աշխարհի «տէրերը»  կը հասկնան Մոսկուայէն հնչած պատգամը:

Այլապէս  Հալէպի,  Ռաքքայի, Փալմիրայի  եւ նոյնիսկ Պէյրութի մէջ  բաւական  ծանր  եւ անկանխատեսելի   դէպքեր  կրնան  գրանցուիլ: