image
Հրատապ լուրեր:

Հայկական հարցով իրար բախած են Ֆախրէլտին Ալթունն ու HDP -ի գործիչները

Հայկական հարցով իրար բախած են Ֆախրէլտին Ալթունն ու HDP -ի գործիչները

Ընկերային ցանցերով Հայոց ցեղասպանութեան շուրջ բանավէճեր բռնկած են Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան եւ Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանի աշխատակազմի  հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետ՝ Ֆախրէլտին Ալթունի միջեւ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Gazete Duvar պարբերականը:

Թուրքիոյ քրտամէտ կուսակցութեան գործադիր կոմիտէն, թուիթըրեան էջով Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ հաղորդագրութիւն տարածած էր, ուր մասնաւորապէս ըսած.

«1915 թուականի Ապրիլ 24-ին «Միութիւն եւ առաջադիմութիւն» կազմակերպութեան կոմիտէի կողմէն շուրջ 250 հայ մտաւորական եւ քաղաքական գործիչ դուրս հանուեցան սեփական տուներէն, ուղարկուեցան աքսոր եւ սպաննուեցան: Հայ ժողովուրդը, որ հազարամեակներով կ'ապրէր իր հայրենիքը, զանգուածային կերպով ոչնչացուեցաւ: Յանցագործութիւնը, որու հետ առերեսումն չեն ըրած, կը կրկնուի,  յանցագործութիւնը տեղափոխուած է մեր օրերը:  Մեծ յանցագործութիւնը անպատիժ մնացած է, խտրականութեան ու ատելութեան հողի վրայ կատարուող յանցագործութիւնները սովորական բան դարձած են: 106-րդ տարելիցին մենք կը զգանք հայերու եւ այս հողերու հնագոյն ժողովուրդի դէմ իրականացուած ցեղասպանութիւնը, մեծ աղէտն ու  մարդկային ողբերգութիւնը, եւ յարգանքով ու գթասրտութեամբ կը յիշենք սպաննուածները»:

Քրտամէտ կուսակցութեան` «Հայոց ցեղասպանութեան ամօթը» վերնագրուած այս հաղորդագրութեան պատասխանած է Թուրքիոյ նախագահականի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետ՝ Ֆախրէլտին Ալթուն.-

«Մեր երկար եւ փառաւոր պատմութիւնը մեր հպարտութեան աղբիւրն է: Ձեր կարճ եւ մռայլ պատմութիւնը լի է խայտառակութեամբ: Այդ պատմութիւնը անջատողական ահաբեկչական կազմակերպութեան պատմութիւն է»,- գրած է Ալթուն:

Քրտամէտ կուսակցութիւնը, ետ չմնալով քաղաքական հակառակորդէն, պատասխանած է Ալթունին.-

«Դուք պատմեցիք, թէ ինչ կատարուած է ձեր հետ: Ամօթը ձերն է... փտածութիւն, ապօրինութիւն, անարդարութիւն, պատերազմ, մահ... սարերու ետեւը չեն այն օրերը, երբ դուք առերեսումն կ'ընէք ձեր պատմութեան հետ»,-գրուած է կուսակցութեան թուիթըրեան էջին: