image

Հալէպահայ երաժիշտները կը պատմեն Solo quartet խումբի հիմնադրման մասին

Հալէպահայ երաժիշտները կը պատմեն Solo quartet խումբի հիմնադրման մասին

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Հալէպահայ երաժիշտ, Solo quartet խումբի անդամ՝ Սագօ  Աւագեանը:    

 

-Ինչպէ՞ս  յղացաք խումբ կազմելու գաղափարը:


Գաղափարը ծագեցաւ մեզի ուղղուած հատուկենտ առաջարկութիւններէն, այդ շրջանին յատուկ առիթներու դասական երաժշտութիւն ներակայացնելու քանի մը առաջարկ ստացանք եւ ընդառաջեցինք:Այդ փորձառութիւնը մտածել տուաւ, որ ինչո՞ւ մենք որպէս խումբ հանդէս չենք գար, ունենանք մեր անունը, մեր երաժշտական պատրաստ ծրագիրները եւ պաշտօնապէս աշխատինք, մենք մեզ ծանօթացնենք եւ կարծես բոլորիս մօտ այդ խանդավառութիւնը կար եւ առինք այդ քայլը: Այսօր երեք տարի է որ կը գործենք որպէս խումբ՝ Solo quartet: Մեր խումբը բաղկացած է չորս ջութակահարներէ՝ երկու ջութակ, վիոլա եւ չելլօ, առաջին ջութկ՝ Դաւիթ Մելքոնեան, երկրորդ ջութակ՝ Շահէ Աւագեան, վիոլա՝ Սագօ Աւագեան եւ չելլօ՝ Կարօ Արսլանեան:

Ընդհանրապէս համաշխարհային երաժիշտներու գործեր կը ներկայացնենք՝ Պեթհովէն, Մոցարթ, Հայտըն եւ միաժամանակ, իբր հայ նուագողներ, հաւասարաչափ կը փորձենք հայ երաժիշներուն ալ ծանօթացնել, ինչպէս՝ Կոմիտաս, խաչատուրեան, Ասլամազեան եւ այլ յօրինողներ: Ըսեմ նաեւ, որ հայ երաժիշտներու գործերը արաբական միջավայրին մօտ ալ միշտ լաւ ընդունելութիւն կ'ունենան:


-Եւ ինչպէ՞ս եղաւ արձագանգը, խումբի ձեւաւորումէն ետք աւելի աշխուժացաւ դիմումները, պահանջարկ կա՞յ:


Եթէ անկեղծ պիտի խօսիմ, մանաւանդ համեմատելով արդի երաժշտական խումբերուն հետ, մեզի դիմողներուն թիւը այդքան շատ չէ, բայց այդ մէկը մեզի չի նեղացներ, վստահ ենք որ ժամանակի ընթացքին դասական երաժշտութիւնն ալ հալէպահայ գաղութին կամ Հալէպ քաղաքին մէջ ընդհանրապէս իր ուռոյն տեղը եւ պահանջարկը պիտի ունենայ: Մեր աշխատանքն ալ մասամբ անոր կը ծառայէ, ժողովուրդին հաղորդակից դարձնել դասական երաժշտութեան, քանի որ այնքան ժամանակ որ նման խումբեր գոյութիւն չունին, ժողովուրդն ալ այն փորձելու կամ ընտրելու առիթը պիտի չունենայ:


-Ընդհանրապէս ի՞նչ առիթներու կը հրաւիրուիք:


Առիթները տարբեր են, ե՛ւ պաշտօնական, ե՛ւ անձնական առիթներու, օրինակ ընդունելութիւննրու, հիմնարկներու բացումներուն, միութենական ձեռնարկներուն նոյնպէս մեզմէ կը խնդրուի քանի մը կտոր ներկայացնել, օրինակ երկու տարի է որ մեր մասնակցութիւնը կը բերենք գաղութի մէջ կազմակերպուած ապրիլեան ձեռնարկներուն եւ 28 Մայիսի միջոցառումներուն, հրաւէրներ կ'ըլլան նաեւ հարսանեկան առիթներու, բայց անոնք թիւով աւելի քիչ են, նախ այն պատճառով, որ սովորութիւն չէ եղած եւ հիմա դեռ նորութիւն է պարային ճոխ երաժշտութեան մէջ դասական կտորներուն տեղ յատկացնելը, բացի այդ՝ յաւելեալ խումբ հրաւիրելը պիւտճէին յաւելեալ ծախս է, ինչը մանաւանդ այս պատերազմի տարիներուն դժուար է, հետեւաբար բոլորը չեն կրնար դիմել:

Հոս ընեմ, որ մեր հիմնական նպատաներէն մէկն ալ գաղութին մէջ հարսանեկան խրախճանքներուն սովորութիւն դարձած կարծարտիպերը կոտրելն է, ճաշակը զարգացնելը, սովորական դարձած մթնոլորտէն դուրս բերելը:

Ցաւով նկատեմ, որ մեր գաղութը հեռու մնացած է եւ չի քաջալերեր դասական երաժշտութիւնը, ինչը մարդու հոգին յղկելու, հոգեւոր աշխարհը հարստացնելու մէջ շատ կարեւոր դեր ունի: եւ որպէսզի մեր հայրենակիցներուն մօտ աստիճանաբար նոր ճաշակ մշակուի, մենք կը փորձենք բաւական բծախնդիր կերպով ընտրել մեր երգացանկը, կը կեդրոնանաք աւելի շատ յայտնի, սիրուած կտրոներու ընտրութեան վրայ, որպէսզի աւելի դիւրութեամբ գրաւենք եւ կամաց-կամաց մարդոց մօտեցնենք դասականին , քառաձայնին աւելի մօտէն ծանօթանան:


-Ապագայ ի՞նչ ծրագիրներ ունի՞ք:


Ապագայ ծրագիր ըսելով, ինչպէս ըսի, դասական երաժշտութիւն ոլորտը զարգացնելն է հիմնական, իսկ հեռու ապագայի համար, անշուշտ ինչպէս ամէն երաժիշտի կամ արուեստագէտի փափաքնն է կամ երազն է, որ ճանչցուի, աւելի լաւ գործեր ներկայացնէ, աւելի մեծ սրահներու մէջ ելոյթներ ունենայ, աւելի բարձր բեմերէ նուագէ: Եթէ կրցանք մենք մեր այս միջոցներու սահմանափակ կարողութիւններով աւելի լաւ,  արհեստավարժ մակարդակով գործ մը ներկայացնել, մենք մեր գործը կամ առահելութիւնը յաջողած կը համարենք: