Հալէպ քաղաքի վերանորոգչական աշխատանքները կը շարունակուին:Այս մասին տեղեկութիւն կը փոխանցեն Հալէպի մասին լուրեր տարածող ընկերային ցանցի էջեր:
Ըստ վերջին փոխանցումներուն երէկ իր լրումին հասած է Հալէպի նշանաւոր «Սահըտ ալլա ալ ճապէրի» կեդրոնական հրապարակին մաքրութիւնն ու լուսաւորութիւնը:
Նշենք, որ այս հրապարակը առաջինը չէ, որ կը վերանորոգուի եւ քաղաքի նահանգապետութիւնը յայտարարած է, որ հետամուտ է արագ թափով շարունակել այս առումով ընթացք առած իր աշխատանքները:
Քաղաքի տարբեր թաղամասերուն մէջ եւս մաքրութեան եւ պատերազմի հետքերու վերացման աշխատանքներ կը կատարուին: