Անցած գիշեր արցախեան սահմանին հակառակորդը հրադադարը խախտած է աւելի քան 85 անգամ, որու ընթացքին, հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակած է շուրջ 1150 կրակոց:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան մամլոյ ծառայութիւնը, աւելի մեծ թիւով խախտումներ արձանագրուած են արեւելեան, հիւսիսարեւելեան եւ հիւսիսային ուղղութիւններով: Նշուած տարածքներուն ազրպէյճանական զինուժը ականանետերէ հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակած է համապատասխանաբար 9 եւ 27 արկ:
ՊԲ առաջապահ զօրամասերը կը շարունակեն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը՝ անհրաժեշտութեան պարագային դիմելով պատասխան գործողութիւններու: