Թուրքիոյ մէջ այս տարի 16 Ապրիլին տեղի ունեցած սահմանադրական փոփոխութիւններու վերաբերեալ հանրաքուէէն ու կառավարման նախագահական համակարգի անցման իշխանութիւններու առաջարկի յաղթանակէն ետք, Մայիսէն Յուլիս Գերմանիայէն ապաստան խնդրող Թուրքիոյ քաղաքացիներու թիւն աւելցած է շուրջ 3 անգամ՝ անցեալ տարուայ նոյն ժամանակահատուածին համեմատ։ Այդ մասին կը յայտնէ գերմանական «Deutsche Welle» հեռուստառատիօ ընկերութեան թրքական ծառայութիւնը՝ յղում կատարելով Գերմանիոյ Ներքին գործոց նախարարութեան:
Տեղեկութիւնը տրամադրուած է Գերմանիոյ ձախերու կուսակցութեան գրաւոր հարցման ի պատասխան:
Նշուած է, որ միայն Յուլիս ամսուան ընթացքին Գերմանիայէն ապաստան տրամադրելու դիմումներ կայացուցած Թուրքիոյ քաղաքացիներու թիւը եղած է 620, Յունիսին այդ թիւը 433 էր, Մայիսին՝ 498:
Այս դիմումներէն այս պահու դրութեամբ ընդունուած է միայն 22 տոկոսը:
Ձախերու կուսակցութենէն թուրք պատգամաւոր Սեւիմ Տաղտելէն յայտարարած է, որ նման դիմումներու կտրուկ աճը կը փաստէ Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարական նորմերու նահանջի ու մարդու իրաւունքներու խախտումներու աճը: