image

Գերմանիայէն ապաստան խնդրող թուրքերու թիւը եռակի աւելցած է. Գերմանիոյ ՆԳՆ

Գերմանիայէն ապաստան խնդրող թուրքերու թիւը եռակի աւելցած է. Գերմանիոյ ՆԳՆ

Թուրքիոյ մէջ այս տարի 16 Ապրիլին տեղի ունեցած սահմանադրական փոփոխութիւններու վերաբերեալ հանրաքուէէն ու կառավարման նախագահական համակարգի անցման իշխանութիւններու առաջարկի յաղթանակէն ետք, Մայիսէն Յուլիս Գերմանիայէն ապաստան խնդրող Թուրքիոյ քաղաքացիներու թիւն աւելցած է շուրջ 3 անգամ՝ անցեալ տարուայ նոյն ժամանակահատուածին համեմատ։ Այդ մասին կը յայտնէ գերմանական «Deutsche Welle» հեռուստառատիօ ընկերութեան թրքական ծառայութիւնը՝ յղում կատարելով Գերմանիոյ Ներքին գործոց նախարարութեան:

Տեղեկութիւնը տրամադրուած է Գերմանիոյ ձախերու կուսակցութեան գրաւոր հարցման ի պատասխան:

Նշուած է, որ միայն Յուլիս ամսուան ընթացքին Գերմանիայէն ապաստան տրամադրելու դիմումներ կայացուցած Թուրքիոյ քաղաքացիներու թիւը եղած է 620, Յունիսին այդ թիւը 433 էր, Մայիսին՝ 498:

Այս դիմումներէն այս պահու դրութեամբ ընդունուած է միայն 22 տոկոսը:

Ձախերու կուսակցութենէն թուրք պատգամաւոր Սեւիմ Տաղտելէն յայտարարած է, որ նման դիմումներու կտրուկ աճը կը փաստէ Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարական նորմերու նահանջի ու մարդու իրաւունքներու խախտումներու աճը: