Գերմանիոյ իշխանութիւնները նախազգուշացուցած էին երկրի արեւմտեան շրջանին մէջ ջրհեղեղներէ, երբոր հալած ջուրը ստիպած էր գետերը ափերէն դուրս գալ, հաղորդած է Associated Press-ը:
Նաւագնացութիւնը դադրեցուած է Հռենոս գետի՝ Քառլսրուէի տարածքին վրայ, իսկ Քէոլնէն հարաւ-արեւելք գտնուող Ուիսսընի մէջ, չորս տղամարդ փրկուած են, անոնց փչովի նաւակը դառնալէն ետք:
Ֆրանքֆորթէն դէպի արեւելք գտնուող Պէոտինկընի բնակիչները փորձած են փրկել իրերը գիշերուայ ջուրի հոսքէն առաջացած ցեխին մէջէն:
Վերջին օրերու տաք եղանակն ու անձրեւները արագացուցած են ձիւնի հալոցքը Զուիցերիոյ եւ Գերմանիոյ որոշ հատուածներու մէջ:
Այդ ընթացքին նոր տեղացած ձիւնը խափանած է երկաթուղային երթեւեկութիւնը հիւսիսային Գերմանիոյ շրջաններու մեծ մասին մէջ՝ գիշերը ընդհատելով կապը Պրեմընի, Քէոլնի եւ Լիւպըկի հետ: