image

Գագիկ Ծառուկեանը կալանաւորուեցաւ

Գագիկ Ծառուկեանը կալանաւորուեցաւ

Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը՝ դատաւոր Մնացական Մարտիրոսեանի նախագահութեամբ, այսօր՝ 25 սեպտեմբերին, որոշեց ԲՀԿ առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրել կալանաւորումը։  Ան երկու ամիս պիտի մնայ կալանքի տակ։

Նշենք, որ ԱԱԾ քննիչի միջնորդութեան քննութիւնը ընթացաւ շուրջ 9 ժամ։ Ծառուկեանի պաշտպանները ինքնաբացարկի միջնորդութիւն ներկայացուցած էին դատաւորին, որ, սակայն, մերժուած էր։

Միջնորդութեան քննութենէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ Ծառուկեանի պաշտպաններէն Երէմ Սարգսեանն ըսած է, որ ըստ մեղադրող կողմի՝ կալանաւորելու հիմքը Ծառուկեանի կողմից քրէական գործի ընթացքին խոչընդոտելու վտանգն է։

Այն ժամանակ, երբ հրապարակուած է որոշումը, ԱԱԾ շէնքի մօտ հաւաքուած են ԲՀԿ առաջնորդի համակիրները:

«Այս որոշման կայացումը մեզի համար ակնյայտ կանխատեսելի էր, ատոր համար պարոն Ծառուկեանը չներկայացաւ, ինքը Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան մօտ է, մէկանգամէն այնտեղ գացած է», – լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Ծառուկեանի փաստաբաններէն Սամուէլ Դիլբանդեանը։

Փաստաբանը նաև հայտնել է, որ որոշումը կբողոքարկվի Վերաքննիչ դատարանում: