image

Դաւիթ Գալստեան կալանաւորուեցաւ

Դաւիթ Գալստեան կալանաւորուեցաւ

 

Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը՝ նախագահութեամբ դատաւոր Մնացական Մարտիրոսեանի, այսօր՝ 2 փետրուարին, բաւարարեց զէնքի վաճառքով զբաղող, Հայաստանի մէջ մենաշնորհատէր (մոնոփոլիսթ) ձեռներեց՝ «Պատրոն Դաւիթ» մականունով յայտնի Դաւիթ Գալստեանը կալանաւորելու վերաբերեալ ԱԱԾ-ի միջնորդութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ Գալստեանի փաստաբան Արմէն Յարութիւնեանը։

 

Աւելի վաղ ԱԱԾ-ն պաշտօնական հաղորդագրութեամբ յայտնած էր, որ առանձնապէս խոշոր չափերով գումարներ յափշտակելու կասկածանքով ՀՀ ԱԱԾ քննչական բաժանմունք բերման ենթարկուած է զէնքի առքուվաճառքով զբաղող գործարար Դաւիթ Գալստեանը:

ԱԱԾ քննչական բաժանմունքէն ներս յարուցուած եւ քննուող քրէական գործով Գալստեանին մեղադրանք առաջադրուած է առանձնապէս խոշոր չափերով իւրացման համար: