image

«Ֆրանսիսկոս Պապը մեծապէս կը տիրապետէր լիբանանեան իրավիճակին» Վատիկանի մէջ ըսաւ Սաատ Հարիրի

«Ֆրանսիսկոս Պապը  մեծապէս կը տիրապետէր  լիբանանեան իրավիճակին» Վատիկանի մէջ  ըսաւ Սաատ Հարիրի

«Բախտաւոր ենք, որ Լիբանանի մէջ քրիստոնեաներն ու իսլամները համատեղ կեանքով կ'ապրին»,- այսպիսի յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի Հռոմի Պապին հետ ունեցած հանդիպումէն ետք: Այս մասին կը յայտնէ «Ալ Տիար»  պարբերականը:«Ֆրանսիսկոս Պապը մեծապէս կը տիրապետէր լիբանանեան իրավիճակին, եւ մենք խնդրեցինք անոր, որ հովանաւորէ մեզ, ինչպէս նաեւ շարք մը խնդիրներ քննարկեցինք, որոնցմէ էր սուրիացի գաղթականներու հարցը»,- աւելցուցած է Հարիրի:Վերջինս պատմած է նաեւ, որ Պապին հրաւիրած է Լիբանան ու ան սիրով ընդունած է հրաւէրը. «Յոյսով ենք, որ այս այցելութիւնը  պիտի ըլլայ ի  շահ քրիստոնեայ- իսլամ  համակեցութեան»,- յայտնած է վարչապետը:

Նշենք, որ յառաջիկայ Երկուշաբթի Հարիրի հանդիպում պիտի ունենայ Իտալիոյ վարչապետին հետ, քննարկելու համար երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման միջոցները: